Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ապրիլի 24ը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան օր: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն կը յայտնեն, թէ Ապրիլի 21ին Ռուսիոյ «հիւսիսային մայրաքաղաք» Ս. Փեթերսպուրկի խորհրդարանի օրէնսդրական կոմիտէ ժողովին կոմիտէի նախագահ, «Ետինայա Ռոսիա» խմբակցութեան անդամ Վիթալի Միլոնովի նախաձեռնութեամբ ներկայացուեցաւ քննարկման եւ միաձայն քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ «Ս. Փեթերսպուրկի տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու օրէնքի նախագիծը:
Ըստ նշուած նախագիծին՝ Ապրիլի 24ը պաշտօնապէս ընդունուած է որպէս «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.