
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ 24 Ապրիլին պիտի կայանայ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի համերգը՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ համերգը պիտի իրականացուի «100 համերգ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակների յիշատակին» համերգաշարի ծիրին մէջ, եւ պիտի հնչէ Մոցարթի «Ռեքվիեմը»: Համերգին պիտի մասնակցին «Հովեր» եւ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբերը, ելոյթ պիտի ունենան մենակատարներ Իրինա Զաքեանը, Քրիստինէ Սահակեանը, Լիպարիտ Աւետիսեանը եւ Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանը: Գեղարուեստական խմբավարն է Լիոր Շամպատալը՝ Գերմանիայէն:
Նոյն օրը պիտի կայանայ նաեւ ժամանակակից երգահան Աննա Սեկալի սիմֆոնիք նուագախումբի եւ ասմունքողի համար գրուած «Կոլլաժ՝ Սերգէյ Փարաջանովին» ստեղծագործութեան համաշխարհային անդրանիկ կատարումը, ասմունքող՝ Արամ Յովհաննիսեան: Համերգէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի քեսապահայութեան: