
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 23 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահը:
Եւրամիութեան գիտական համագործակցութեան ծրագիրներուն մէջ ներգրաւուածութեան իմաստով Հայաստանը բացարձակ ցուցանիշներով չորրորդ դիրքի վրայ է՝ Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Պելոռուսէն ետք, սակայն եթէ այդ թիւերը նկատի ունենանք բնակիչներուն թիւին համաձայն, Հայաստան առաջին դիրքի վրայ կ՛ըլլայ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը։
Թուային պատկերով, հայ գիտնականներու ձեռքբերումները հետեւեալն են՝ 773 յօդուած բարձր վարկանիշ ունեցող գիտական ամսաթերթերուն մէջ, 19 մենագրութիւններ, 75 միջազգային ծրագիրներու մասնակցութիւն:
2013ին արտասահմանեան երկիրներ գործուղուած են Գիտութիւններու ազգային ակադեմայի 547 գիտաշխատող, որոնց կարգին գիտական միջոցառումներու մասնակցած է 284, համատեղ աշխատանքներ կատարած է 164, բանակցութիւններ վարած է 99 գիտաշխատող: Արտասահմանէն ժամանած է 895 գիտնական, որոնց կարգին՝ գիտական միջոցառումներու մասնակցելու համար 440, համատեղ աշխատանքներ կատարելու համար 213, բանակցութիւններ վարելու համար 242 գիտաշխատող:
1 Յունուար 2014ի դրութեամբ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կազմին մէջ ընդգրկուած է 55 ակադեմիկոս եւ 58 թղթակից անդամ: Հայաստանի ԳԱԱ համակարգին մէջ կ՛աշխատի 4077 մարդ, որոնցմէ 2515ը՝ գիտական աշխատող:
Ռադիկ Մարտիրոսեան նշած է նաեւ, որ ԳԱԱի 70ամեակին նուիրուած բոլոր միջոցառումները պիտի կայանան բարձր մակարդակով: «ԳԱԱ 70ամեակի յոբելեանական միջոցառումների շարքում համակարգի գիտական կազմակերպութիւններն անց են կացրել մօտ 55 տարաբնոյթ գիտական կոնֆերանսներ, համագումարներ եւ այլ միջոցառումներ, որոնց մասնակցել է 25 երկրի աւելի քան 400 գիտնական, այդ թւում՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, որոնց հետ հաստատուել են նոր գիտական ուղղութիւններով համագործակցութեան նոր կապեր», ըսած է Ռադիկ Մարտիրոսեան:
Ան շեշտած է, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, աշխատանքներուն մէջ քիչ են մարդաբանական ոլորտի աշխատանքները, բացառութիւն կը կազմեն միայն հնագիտութեան հիմնարկը:
Թուարկելով հայ գիտնականներուն ձեռք բերումները կիրառական ոլորտին մէջ, Մարտիրոսեան յայտնած է, որ դժուար է ըսել, թէ ստացուած արդիւնքները արդէն արտադրութեան պատրաստ միջոցներ են, անոնք դեռ բաւական ճամբայ ունին անցնելիք։
ԳԱԱ նախագահ նաեւ նշած է, որ 2013 թուականի պետական պիւտճէէն ստացուած աշխատավարձի ֆոնտը եղած է երեք միլիառ դրամէն աւելի, եւ գիտաշխատողներու միջին աշխատավարձը կը կազմէ 74,000 դրամ, իսկ արտաքին պիւտճէի աղբիւրները գումարած՝ 100 հազար դրամ, որ Հայաստանի ամէնէն ցած աշխատավարձն է:
Ժողովի աւարտին ԳԱԱ նախագահը դիմած է Հայաստանի նախագահին՝ կոչ ուղղելով Յուլիսին աշխատավարձերուն վերանայիլ, գիտնականներուն աշխատավարձերուն եւս անդրադառնալ: