ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի ծառատունկի ծրագիրի հիմնադրութեան 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 4ին, Քալիֆորնիոյ Սան Մարինօ քաղաքի «Հանթինկթըն Լայպրըրի»ի մէջ:
Կազմակերպութիւնը ցարդ 4.4 միլիոն ծառ տնկած է Հայաստանի տարածքին՝ կանաչապատելով մեծ թիւով գիւղեր, եկեղեցիներ, զբօսայգիներ եւ այլ տարածքներ, միաժամանակ աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելով:
20ամեայ յանձնախումբի անդամներն են Էլիզապէթ եւ Միհրան Աղպապեաններ, Ֆլորա եւ Ճորճ Տունայեանցներ, Սապին եւ Էլ Եսայեաններ, Արաքս Մանսուրեան եւ Շահէն Հայրապետեան, Զարմիկ եւ Կարօ Ղազարեաններ, Անի եւ Շանթ Քէնտէրեաններ, Հիլտա եւ Հայկ Մանճիկեաններ, Սալբի եւ Վիգէն Մանկրեաններ, Մարկրիթ եւ Տէյվիտ Մկրուպեաններ, Ալին եւ Մարտիկ Օրունչաքյէլներ ու Սաւի եւ Ռալֆ Թիւֆէնքեաններ:
Տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար, դիմել Հայաստանի ծառատունկի ծրագիրի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային զարգացման աշխատանքներու վարիչ Մարալ Հապէշեանին՝ (818) 913-2563 թիւով կամ maral@armeniatree.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.