
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Մայիս 9ին կայանալիք իր տարեկան 7րդ ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին Պըրպենքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉէյս, քաղաքական գործիչ Պերճ Կարապետեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը եւ կրթական մշակ Անի Պէրպէրեան:
Ձեռնարկին հանդիսավարն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ եւ երկարամեայ գործիչ Ռաֆֆի Համբարեան: Պըրպենքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉէյս պիտի ստանայ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին «Ուիլեըմ Սարոյեան» մրցանակը՝ քաղաքի ոստիկանութիւնը արդիականացնելու գծով իր տարած աշխատանքին համար: Ան նաեւ սերտ կապեր հաստատած է քաղաքի հայախօս ու սպանախօս բնակչութեանց հետ, նպաստելու համար անոնց ու ոստիկանութեանց միջեւ յարաբերութեանց ամրապնդման:
Շրջանի հայ համայնքի կեանքին մէջ աւելի քան երեք տասնամեակի գործունէութիւն մշակած Պերճ Կարապետեանը պիտի ստանայ «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը: Կարապետեան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադիր գործադիր վարիչն է եւ անոր պաշտօնավարութեան օրերուն էր, որ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուց Հայկական Ցեղասպանութեան 75ամեակը ոգեկոչող թիւ 247 բանաձեւը: Ան նաեւ հիմը դրած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին ու եղած է անոր գործադիր վարիչը, իսկ ներկայիս՝ յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինին անդամն է ու Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին ատենապետը: Ան արժանացած է շարք մը մրցանակներու եւ գնահատագիրներու:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լեւոն Շանթ» մրցանակը պիտի յանձնուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներու կազմակերպութեան, որ իր տեսակին մէջ առաջին ու մեծագոյն կազմակերպութիւնն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Կազմակերպութիւնը հայութեան մտահոգութիւններն ու ակնկալիքները կը հասցնէ Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութեան ու կը նպաստէ դեմոկրատ թեկնածուներու ընտրապայքարներուն: Կազմակերպութիւնը նաեւ գործնական աշխատանք տարած է Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ:
Նաեւ, վերջին 24 տարիներուն, շրջանի աշակերտներուն հայերէն դասաւանդած Անի Պէրպէրեանը, որ ծնած է Հալէպ, պիտի ստանայ «Մեսրոպ Մաշտոց» մրցանակը: Շամլեան վարժարանին մէջ անոր դասաւանդութեանց կողքին, Պէրպէրեան կամաւոր սպասարկութիւն կը մատուցէ Պըրպենքի Հայ կեդրոնէն ներս: Ան հայագիտութեան մէջ վկայուած է Պէյրութի Ս. Ճոզէֆ համալսարանէն ու նախքան Քալիֆորնիա փոխադրուիլը՝ 17 տարուան ուսուցչական սպասարկութիւն մատուցած է տեղւոյն վարժարաններուն մէջ: Ան գործօն անդամ մըն է նաեւ շրջանի ՀՅԴին եւ Հայ Դատին ու պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Լիբանանի ՀՅԴին ու ԼԵՄին մէջ:
Հանդիսավար Ռաֆֆի Համբարեան ներկայիս Լոս Անճելըսի «Մեթրօ»ի դաշնակցային հարցերու վարիչն է, իսկ անցեալին պաշտօնավարած է շարք մը քոնկրեսականներու գրասենեակներուն մէջ: Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գրասենեակի գործունէութիւնը ընդարձակելու ջանքերուն մէջ: Համբարեան Նիւ Եորք ծնած է ու հասակ նետած Նիւ Ճըրզիի մէջ: Ան միջազգային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ մագիստրոսի տիտղոս ստացած է Նիւ Ճըրզիի «Ռաթկըրզ» համալսարանէն: Սան Մարինօ կ՛ապրի իր կնոջ՝ Միրէյլի, ու չորս զաւակներուն՝ Արենիին, Զապէլին, Մեղրիին ու Սարոյին հետ:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 9ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «De Luxe» սրահը: Մասնակցութեան սակը 80 տոլար է: Ձեռնարկը հովանաւորելու, տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Լիլիան Արէճեանին՝ (818) 469-7671 թիւով կամ info@ancaburbank.org հասցէով: Տոմսեր ապահովելու համար, կարելի է այցելել նաեւ itsmyseat.com/ANCAB կայքէջը: