Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչեցին Ապրիլ 23, 2014ին, ծաղիկներ զետեղելով դպրոցի բակէն ներս կառուցուած խաչքարին առջեւ: Անոնց հանգանակային աշխատանքը, որուն արդիւնքն էր հաւաքուած 1500 տոլարը, մղուած էր այս օրերու մտահոգութենէն՝ օգնելու Մարտ 21ին ռումբերու տարափին տակէն մազապուրծ ազատած քեսապցիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Սուրիոյ մէջ կրակոցներուն, պատերազմական թոհուբոհին ենթակայ են:
Աշակերտները բախտը ունեցան հարցումներ հարցնելու Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը, որ 1915ին Քեսապէն ազատած էր, երբ իր շուրջ գտնուողներէն ամէնէն փոքրին տարիքը ունէր. Յովսէփ Մանճիկեանը՝ 104 տարեկան հասակին, պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն:
Դպրոցի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան եւս ներկայ էր՝ բարի գալուստ մաղթելու համար յատուկ հիւրերուն: Իսկ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան, որ «ՀայԷյտ3» համերգին կազմակերպումը կը ղեկավարէ, այս անգամ, Սուրիոյ պատերազմի նորագոյն զոհերուն սիրայօժար կերպով օգնելնուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն եւ յորդորեց զանոնք արթուն ըլլալ եւ ճշմարտութիւնը փնտռել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.