
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը հաղորդէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է 500էն 700ի բարձրացնել Շամլեան վարժարանի արտօնեալ աշակերտներուն թիւը: Նկատի ունենալով վարժարանի դրացիներուն դժգոհութիւնը՝ 500 աշակերտներու սահմանափակումը պայման մը եղած էր քաղաքապետական խորհուրդի 2012ի այն որոշումին մէջ, որ իրաւունք կու տար վարժարանին կառուցելու իր նոր մարզադաշտը:
Քննարկումին ընթացքին աշակերտներու թիւը բարձրացնելու որոշումին դէմ ու թեր արտայայտուողներ եղած են: Դէմ արտայայտուողներուն գլխաւոր դժգոհութիւնը խճողումին ստեղծելիք հարցն էր, մինչ թեր արտայայտուղները շեշտը դրած են վարժարանին կողմէ համայնքին մատուցուող կարեւոր սպասարկութեանց եւ որակաւոր ուսումին վրայ:
Վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան յայտնած է, թէ սովորաբար 45 աշակերտ կայ վարժարանի արձանագրուիլ փափաքողներու ցանկին վրայ, սակայն տեղի սահմանափակումին պատճառով անոնք չեն կրնար վարժարան յաճախել:
Յատկանշական է, որ Կլենտէյլի ոստիկանութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ վարժարանի թաղերուն մէջ արկածներուն համեմատութիւնը այնքան է, որքան դպրոցներու պարագային՝ միաժամանակ կարեւոր նկատելով աշակերտներուն մէկ մասը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն վարժարան հանրակառքերով փոխադրելու ծրագիրին գործադրութիւնը:
Քաջալերելու համար, որ քանի մը աշակերտներ մէկ ինքնաշարժով վարժարան հասնին՝ վարժարանը 50 տոլարի զեղչ խոստացած է նման ծրագիրի մասնակցողներուն: