Հայաստանը իր բնութեամբ, իր ծիրանով, արագիլներով, հայկական պարերով, ծիրանափողի երաժշտութեամբ, հայկական երգերով ու ասմունքով հանդէս պիտի գայ հանրութեան՝ ի մտի ունենալով գրաւել ամէն հայու սիրտն ու հոգին։
Նախաձեռնութիւնը, որ հովանաւորութիւնը կը կրէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպուած է Կլենտէյլի Համազգայինի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղին եւ Լոս Անճելըսի Իրաքահայ միութեան կողմէ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրէ Շիրակ Խոճայեանի վաւերագրական նոր ժապաւէնը՝ «Ծիրան՝ Օրհնուած Ծառը Հայաստանի»։
Ձեռնարկը ունի նաեւ հարուստ գեղարուեստական յայտագիր։ Ելոյթ պիտի ունենան վաստակաւոր արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Արմէն Պապայեան, Արմէն Տագէսեան եւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը։ Օրուան պատուոյ հիւրն է աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան։
Նոյն ձեռնարկին պիտի ցուցադրուի նաեւ Խոճայեանի նախորդ վաւերագրական ֆիլմը՝ «Ճերմակ Արագիլը», որ պատրաստուած էր 2010 թուականին եւ որուն բացումը կատարուած էր նոյն տարին, Լոս Անճելըսի մէջ։
Խոճայեան իր նոր ֆիլմով կը ներկայացնէ ծիրանին հայկական արմատները եւ թէ ինչպէ՛ս պեղումներու ժամանակ պատմաբաններ փաստած են այդ իրողութիւնը. ան կը խօսի Հայաստանի ծիրանի տեսակներուն մասին, ունկնդրել կու տայ ծիրանին նուիրուած երգեր, ցոյց կու տայ օղիի պատրաստութիւնը ծիրանի հիւթով եւ կը խօսի ծիրանի առողջապահական յատկութեանց մասին։
«Այս ֆիլմերս նուէր են հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս նոր եւ ապագայ սերունդներուն։ Մարդիկ գիրքեր կը հրատարակեն, իսկ ես՝ ֆիմեր կը պատրաստեմ», կը յայտնէ ֆիլմի բեմադրիչը, որուն ասպարէզը այս մարզին մէջ սկսած է իր ծննդավայր Պաղտատէն, եօթանասունական թուականներուն։
Ձեռնարկը, որուն մուտքը ազատ է, տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ, Մայիս 4ին, կ.ե. ժամը 5ին (2215 E. Colorado Blvd., Pasadena):
Ձեռնարկի աւարտին, սահմանափակ թիւով պիտի վաճառուին Խոճայեանի երկու ֆիլմերը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է հեռաձայնել 818-262-8647 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.