
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Ֆորէյն Փալըսի Ճըրնըլ» տպագրած է յօդուածագիր Ռիչըրտ Ֆոլքի վերլուծութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին ընդառաջ կատարուած յայտարարութիւններուն մասին:
«Թէ՛ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը եւ թէ Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպաման հայկական համայնքին կողմէ կը մեղադրուին պատմական իրականութիւն ուրանալու յանցանքով: Երկու առաջնորդներուն հասցէին մեղադրանքները տարբեր են: Օպամա կը մեղադրուի, քանի որ ամերիկահայութիւնը կը հաւատար անոր 2008ի նախագահական քարոզաշաւին ընթացքին տրուած խոստումին, որ եթէ ան ընտրուի, ապա պիտի ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Սակայն ընտրուելէ ետք, ան ակնյայտօրէն կը խուսափի հատելէ «Ց»ի կարմիր գիծը, որուն այսքան ժամանակ կը սպասէին հայերը: Իսկ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ շատ ազգեր այդ դժուարին ժամանակաշրջանին տառապած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ինչպէս կ՛անկալուէր, Հայասատանի մէջ բարկութեամբ եւ հիասթափութեամբ ընդունուեցաւ: Օպաման հիմնականին մէջ ճիշդ բնութագրած էր 1915ին հայերու դէմ կատարուածը, մինչդեռ Էրտողան հրաժարած էր հիմնական գաղափարէն: Թուրքիոյ կողմէ ցանկալի եւ խելամիտ պիտի ըլլար պատրաստակամութիւն ցուցաբերել եւ անցեալի սարսափելի այդ դրուագը գոնէ հարիւր տարի ետք պատշաճ կերպով ընդունիլ», գրած է յօդուածագիրը: