ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Առանց սահմաններու լրագրողներ» կազմակերպութեան 2014ի «Լրատուութեան 100 հերոսներ»ու ցանկին վրայ ընդգրկուած են երկու թուրք լրագրողներ՝ «T24» անկախ համացանցային թերթի մեկնաբան Հասան Ճեմալ եւ «Ռատիքալ» թերթի թղթակից Իսմայիլ Սայմազ, «թրքական մամուլին մէջ խիզախ հրապարակումներ» կատարած ըլլալնուն համար:
Հասան Ճեմալ կը հանդիսանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ Հայկական Հարցին նկատմամբ թապուները վերացնելու գծով մեծ դերակատարութիւն ունեցած մտաւորականներէն մէկը:
Ըստ թրքական «gazeteciler.com» լրատուական կայքին՝ Հասան Ճեմալ «Լրատուութեան հերոսներ»ու շարքին դասելու գործին մէջ զգալի ներդրում ունեցած են անոր համարձակ հարցազրոյցները՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալ թեւի առաջնորդներուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ Ճեմալի «1915. Հայկական Ցեղասպանութիւն» գիրքը, որ մեծապէս նպաստած է Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ կարծրացած հանրային կարծիքի փոփոխութեան:
Հասան Ճեմալ Հայկական Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ պարագլուխներէն մէկուն՝ Օսմանեան կայսրութեան ռազմածովային նախարար Ճեմալ փաշայի, թոռն է: Ճեմալ փաշա սպաննուած էր 1922ի Յուլիսին, Թիֆլիսի մէջ, հայ վրիժառուներ Ստեփան Ծաղիկեանի, Արտաշէս Գէորգեանի եւ Պետորս Տէր Պօղոսեանի կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.