ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ժողովրդավարութեան, քաղաքական ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ հետազօտութիւններ կատարող «Ֆրիտըմ Հաուս» ամերիկեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 1 Մայիսին հրապարակած է մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ 2014ի զեկոյցը: Զեկոյցին մէջ ներառուած է 197 երկիր, որուն 63ը (32 տոկոս) գնահատուած է «ազատ», 68ը (35 տոկոս)՝ «մասամբ ազատ», 66ը (33 տոկոս)՝ «անազատ»։ Հայաստանի ցուցանիշը անկում արձանագրած է 1 կէտով եւ 62 միաւորով Հայաստան կը շարունակէ մնալ «անազատ» մամուլ ունեցող երկիրներու շարքին մէջ: Մինչ նախորդ տարուան զեկոյցին մէջ Հայաստան 4 միաւորով բարելաւած էր իր դիրքը՝ 2011ի 65 միաւորի փոխարէն ստանալով 61 միաւոր:
Freedomhouse.org կայքին վրայ զետեղուած զեկոյցին հեղինակները արձանագրած են, որ աշխարհին մէջ մամլոյ ազատութեան ընդհանուր ցուցանիշը այս տասնամեակին ընթացքին հասած է իր ամէնէն ցած կէտին:
«Ամբողջ աշխարհին մէջ մամուլի ազատութեան ցուցանիշի անկումը երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ լրատուական ոլորտը վերահսկողութեան տակ առնելու գործողութիւններուն հետեւանքն է: Մենք ճշդած ենք, որ անցեալ տարի աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ ե՛ւ իշխանութիւնները, ե՛ւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչները յարձակումներ գործած են լրագրողներուն վրայ, բովանդակութեան գրաքննութիւն կատարած են, ինչպէս նաեւ քաղաքական դրդապատճառներով հրահանգած են լրագրողները աշխատանքէ հեռացնել», յայտնած է զեկոյցի տնօրէն Քարին Քարլիքարին:
Ազատ լրատուական դաշտ ունեցող երկիրներուն լաւագոյն հնգեակին մէջ են Հոլանտան, Նորվեկիան, Շուէտը, Պելճիքան եւ Ֆիլանտան, իսկ վատագոյններն են՝ Պելոռուսը, Էրիթրէան, Թուրքմէնստանը, Ուզպեքստանը եւ Հիւսիսային Քորէան։
Անազատներու կարգին են նաեւ Թուրքիան՝ 65 կէտով, Ռուսիան՝ 81, իսկ Ատրպէյճանը՝ 84 միաւորով: Զեկոյցին մէջ յատուկ կերպով նշուած է, որ մամուլի ազատութեան վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ Ատրպէյճանի մէջ: Հայաստանի տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ ամէնէն ցած մակարդակի վրայ է Իրանը (90 միաւոր), մինչդեռ լաւագոյնն է Վրաստանը, որ 47 միաւորով «մասամբ ազատ» երկիրներուն ցանկին մէջ է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.