
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Ապրիլին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Արթուր Բաղդասարեանը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին՝ հիմք ունենալով հրաժարականի մասին անոր կատարած յայտարարութիւնը: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
Նախորդ շաբաթ Բաղդասարեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին յայտարարութիւն կատարած էր, իսկ անկէ մօտ տասը օր առաջ ալ անոր գլխաւորած Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը յայտարարած էր իշխող համախոհականէն դուրս գալու մասին: