Ինչ տրամադրութեան մէջ ալ ըլլանք, հրապարակային մեր արտայայտութիւններուն մէջ մենք մեզի չենք կրնար թոյլատրել յուսահատութեան կամ բարոյալքումի շեշտեր դնել:
Անշուշտ, կեղծ ոգեւորութիւնն ալ թոյլատրելի չէ:
Մեր պատասխանատուութիւնն է ելքեր ցոյց տալ կամ ելքեր գտնելու փնտռտուքին մասնակից դարձնել բոլոր նախանձախնդիր շրջանակները:
«Հոգեպէս ճնշուած» գործընկերս խրատելու ինքնակոչ պարտականութիւնը ստանձնած եմ ու դարձեա՛լ խրատելու եւ յորդորելու տհաճ սովորութեան յանձնուած:
Սիրելի գործընկեր, կը հասկնամ, որ մեր գործին ասպարէզը մեզ ամէն օր մեր ժողովուրդին ու հայրենիքի դժուարութիւններուն, մեր կարողականութեան անիմաստ մսխումին, մեր նպատակասլաց աշխատանքէն ու պայքարէն անհեթեթ շեղումներուն հաղորդակից կը դարձնէ, ու ոեւէ մէկը երկաթեայ ջիղերով օժտուած պէտք է ըլլայ՝ դիմանալու համար, ուր մնաց՝ չվհատելու կամ չբարոյալքուելու:
Բայց, այս ասպարէզն է նաեւ, որ մեզ ամէն օր կը յուշէ բազում նահատակ հերոսներու սխրանքները, որոնցմով պանծալի յաղթանակներ կերտուեցան եւ որոնք նոր թռիչքներու ներշնչման անսպառ աղբիւր կը հանդիսանան: Քանի մը օր առաջ, Թաթուլ Կրպէեանի եւ Գետաշէնի ու Մարտունաշէնի սրբազան հողը պաշտպանող իր զինակիցներուն նահատակութեան տարելիցն էր: Ռուս-ատրպէյճանական օղակի մէջ բռնուած այս տղաքը, իրենց մատաղ կեանքը զոհաբերեցին, ու իրենց եւ նմաններուն նուիրումը մեզ պարգեւեց Արցախեան Ազատագրական պայքարի պատմական յաղթանակը: Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզի իրաւունք տալ յոգնելու, թուլանալու:
Նաեւ, այս ասպարէզին ճամբով, մենք հաղորդակից կ՛ըլլանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ստեղծագործ հանճարին, ձեռքբերումներուն, տաղանդին, փառաւոր իրագործումներուն, հաւաքական ու անհատական փայլատակումներուն…
Ուրեմն՝ ետի՛դ թող յուսահատութիւնը, հաւա՛տք սփռէ չորսդիդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
«Հոգեպէս ճնշուած» գործընկերդ եւ ինձ նման շատ մը ընթերցողներու բարոյականը բարձրացնելու լաւագոյն օրինակն է Թաթուլ Կրպէեանի նման ազատամարտիկներու զոհողութեան օրինակը։
Պօղոս Շահմելիքեան