
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քեսապի հայաթափումը եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան աղիտալի վիճակը, իրենց հնչեցուցած ահազանգի ղօղանջներով, ծանրակշիռ հարցականներու առջեւ դրած են հայ ազգային ռազմավարութիւնը, Մեծ Եղեռնի 100ամեակի ոգեկոչման սեմին։
Ո՞ւր է կամ ո՞ր մէկն է համազգային այն ռազմավարութիւնը՝ պետական-հասարակական եւ ազգային-քաղաքական, որուն իրագործումով պիտի կարենանք Հայ Դատի պայքարը իր արդար լուծման առաջնորդել, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք։
Հարցականը նոր չէ, անշո՛ւշտ։
Միեւնոյն հարցականը կը դիմագրաւէինք Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին ալ, երբ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութեան տեղահանութենէն, աքսորէն ու սպանդէն, աւելին՝ հայրենի հողին յափշտակումէն եւ թրքացումէն յիսուն տարի ետք, առաջին անգամ ըլլալով Երեւանը ողողուեցաւ «Մեր հողերը, մեր հողերը» պահանջող հարիւր հազարաւորներու բողոքի ցոյցերով։
Խորհրդային լուծի տակ ապրող հայրենաբնակ հայութիւնը բողոքի այդ պոռթկումէն անդին չանցաւ եւ ի վիճակի չեղաւ Հայ Դատի հետապնդման ռազմավարութիւնը մշակելու։
Իսկ Սփիւռքի հայութիւնը կեանքի կոչեց Հայ Դատի ուժական պայքարի ռազմավարութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ քաշուած լռութեան պատի քանդումն էր՝ նպատակ ունենալով քաղաքական ճնշումի ազդու ալիքի բարձրացումը միջազգային տարողութեամբ, Թուրքիան եւ մեծապետական ուժերը դնելով Հայկական Հարցին քաղաքական արդար լուծումը գտնելու հարկին տակ։
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակէն ետք որդեգրուած Հայ Դատի ուժական պայքարի ռազմավարութեան պակսող գլխաւոր լծակը հայրենի հողի վրայ համախումբ ապրող եւ պահանջատէր կանգնող հայութիւնն էր, աւելի պարզ՝ պայքարը հողի վրայ յառաջ մղելու հայ ազգային ուժականութիւնն էր։
Այդ պատճառով էր, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ հակաթուրք ուժական գործողութիւնները նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ գրաւեալ հայկական հողերուն վրայ մղուող ազատագրական պայքարով փոխարինելու տարրական փորձերը կատարուեցան, որոնք սակայն թափ չկրցան հաւաքել։
Իսկ Հայկական պահանջատիրութեան յիսնամեակի զարթօնքէն կէս դար ետք, ահա դարձեալ եւ աւելի ծանր շեշտով, կը դիմագրաւենք Հայ Դատի պայքարը հայրենացնելու ռազմավարութեան միեւնոյն մարտահրաւէրը։
Այդ առումով ծայր աստիճան ծանր կը ճնշէ այն գիտակցութիւնը, որ սուրիահայութեան տկարացումով եւ Քեսապի հայաթափումով՝ Հայ Դատի ռազմավարութիւնը կը դիմագրաւէ իր հաստատակամութեան եւ վճռականութեան հողը կորսնցնելու վտանգը…
Հայաստանի վերանկախացումով՝ Հայ Դատի ուժական պայքարի սփիւռքեան ռազմավարութիւնը փայփայեց այն յոյսը, որ վերջապէս պահանջատէր հայութիւնը պիտի կարենար պետականօրէն իրաւատէր ներկայանալ՝ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութեան համար մարդկային, հողային եւ քաղաքական հատուցում պահանջելով։
Հայեւթուրք տխրահռչակ արձանագրութիւնները ծանր հարուած հասցուցին այդ յոյսերուն։
Հայ Դատի պայքարը հայրենացնելու ռազմավարական մարտահրաւէրը վերստին ընկրկումի մատնուեցաւ եւ տագնապի մատնեց հայ քաղաքական միտքը, նոյնիսկ Սուրիական տագնապէն եւ, մանաւանդ, Քեսապի հայաթափումէն առաջ։
Եւ ինչպէս որ Հայեւթուրք արձանագրութեանց ստորագրութեամբ, այնպէս ալ սուրիահայութեան տկարացումով եւ Քեսապի հայաթափումով՝ թրքական պետութիւնը ի միջի այլոց հաշուեյարդար կատարեց Հայկական պահանջատիրութեան հետ։
Որքան ալ աջէն ու ձախէն փորձ կատարուի մեր ժողովուրդին ապակողմնորոշելու, թէ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս հայկական Քեսապին ողբերգութիւնը պէտք չէ կապել թրքական յատուկ ռազմավարութեան, իրողութիւնը դառնօրէն եւ դաժանօրէն կը մնայ այն, որ սուրիական ներքին պատերազմը բնաւ պիտի չյանգէր այս աստիճան հակահայ դրսեւորումներու, եթէ թրքական սադրանքի քաղաքականութիւնը ի գործ չդրուէր այսքան հետեւողականօրէն…
Ահազանգի ղօղանջներուն վերջինն ու մնայուն արձագանգ ունեցողը գիտակցութիւնն է այն անզօրութեան, որ մեր ժողովուրդը ի վիճակի չէ, Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով, աշխարհի չորս ծագերէն փութալու դէպի Տէր Զօր եւ հոնկէ աշխարհին լսելի դարձնելու Հայ Դատի իրաւատէրի իր պահանջատիրական ձայնը։
Առանց նաեւ Տէր Զօրէն եւ Հալէպէն, Քամիշլիէն ու Քեսապէն պոռթկացող Հայ Դատի պահանջատիրութեան, մեր ժողովուրդը չի կրնար քաղաքական արժանի պատասխանը տալ թրքական պետութեան ցեղասպանական շարունակուող այն յոխորտանքին, թէ հայերը եթէ հող կ՛ուզեն՝ թող գան եւ առնեն…
Հայկական Քեսապի վերականգնումը առանցքային նշանակութիւն ունի Մեծ Եղեռնի 100ամեակին ոգեկոչումը Հայ Դատի պահանջատիրութեան հունով յառաջ մղելու ճամբուն վրայ։