
ԵՐԵՒԱՆ.– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպս. Գալստանեանի առաջնորդութեամբ 2-4 Մայիսին շուրջ 140 հոգի՝ հոգեւորականներ, լրագրողներ, տարբեր կազմակերպութիւններ ներկայացնող երիտասարդներ ուխտ գացած են Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերը՝ Այգեպար, Մովսէս, Չինարի, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Բերդ քաղաքը: Նպատակն էր բաժնեկցիլ սահմանին վրայ ապրող մարդոց հոգերն ու յոյզերը:
Իջեւան քաղաքին մէջ երիտասարդները հանդիպում ունեցած են Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանի հետ, որուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին լրագրողները ուղղեցին տարածաշրջանին վերաբերող հարցումներ։
Ուխտաւորները դիմաւորած է Բերդ քաղաքի եւ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Արամ քահանայ Միրզոյեանը:
Գիւղերուն մէջ ուխտաւորները հանդիպումներ ունեցած են համայնքներու ղեկավարներուն հետ, գիւղացիներուն հետ զրուցած են անոնց առօրեայէն, խնդիրներէն, միասին երգած ու պարած են։ Ուխտաւորները այցելած են նաեւ Մեհրաբի զօրամաս, ուր զինուորներուն հետ մասնակցած են կիրակնօրեայ Ս. պատարագին, որ տեղի ունեցած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Մովսէս գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ուխտաւոր-լրագրողներէն երեք հոգի մկրտուած են:
Մշակութային ծրագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերած են Դաւիթ Ամալեանը, Արսէն Գրիգորեանը (Մրօ), Լէյլա Սարիբեկեանը, Մկրտիչ Մկրտչեանը (Մակիչ), Ինգա եւ Անոյշ Արշակեան քոյրերը, Արմէն Հիւսնունցը, Նորայր եւ Գրիգոր Քարտաշեանները, Սարգիս եւ Գագիկ Շիբոյեանները, Կարէն Մամիկոնեանը եւ Վարդան Գալստեանը, մեր օրերու մեծագոյն բանաստեղծ, մտաւորական Խաչիկ Մանուկեանը:
Ծրագիրին իրենց աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը բերած են «Փիւնիկ» հիմնադրամը, Գաբրիէլ Չեմպերճեանը, «Շէն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ հայաստանեան «Ուըրտ վիժըն» կազմակերպութիւնը: