ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– «Արցախում առկայ են բոլոր հնարաւորութիւնները՝ արագ տեմպերով զարգացնելու առողջապահութեան ոլորտը», «Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանը՝ աւելցնելով, որ ներկայիս նախարարութեան հրաւէրով պարբերաբար Արցախ կ՛այցելեն Հայաստանի եւ արտասահմանի առաջատար մասնագէտներ, որպէսզի ժամանակակից բժշկագիտական ձեռքբերումները՝ փորձառութեան փոխանակման ծիրին մէջ, նաեւ կիրարկուին Արցախի մէջ: «Առողջապահութեան ոլորտի արագ զարգացումն, ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի նախընտրական ծրագրի, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի, եւ մենք պարտադիր կեանքի ենք կոչելու այն խնդիրների լուծումները, որոնք այսօր դրուած են մեր առջեւ», յայտնած է ան: Քուշկեանի համաձայն՝ նախարարութեան կողմէ ծրագրուած ժամանակացոյցին համաձայն, շաբաթը մէկ անգամ Ստեփանակերտի եւ շրջանային հիւանդանոցներ պիտի այցելեն Հայաստանի եւ արտասահմանեան առաջատար մասնագէտներ, որոնք արցախցի գործընկերներուն հետ բարդ վիրահատութիւններ պիտի կատարեն: Պարբերաբար այցելութիւններ կատարելու ընթացքը արդէն սկսած է, օրեր առաջ Արցախ այցելած էր վիրաբոյժ Արտաւազդ Սահակեանը, որ Շուշիի մէջ 43 վիրահատութիւն կատարած է, իսկ այս օրերուն Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ բժշկական քննութիւն եւ խորհրդատուութիւններ կատարած է Ռուսիայէն ժամանած, Մոսկուայի Սեչենովի անուան բժշկական ակադեմիոյ փրոֆեսէօր, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Ելենա Ժոլոպովան:
Նախարար Քուշկեան կարեւոր նկատած է նաեւ տեղւոյն մարդուժի պատրաստութիւնը, որովհետեւ համագործակցութեան պարագային անոնք լաւ արդիւնքներ կրնան տալ: «Մեր կարգախօսն այն է, որ արցախցին պիտի բուժուի Արցախում: Մենք պէտք է հասնենք նրան, որպէսզի մեր բնակիչները միայն եզակի դէպքերում բուժուեն այլ վայրերում: Առաջիկայում ծրագրում ենք բարդ վիրահատութիւնների համար նախատեսուած սարքաւորումներ ձեռք բերել, որոնք հնարաւորութիւն կը տան այդպիսի վիրահատութիւնները նոյնպէս տեղում իրականացնելու», դիտել տուած է Յ. Քուշկեան՝ աւելցնելով, որ ծրագրուած է ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ տեղակայել «Անգէոգրոֆ» սարքաւորումը, որ կարելիութիւն պիտի տայ սրտի երակները բաց պահելու, իսկ մինչ այդ կը վերապատրաստուի նաեւ համապատասխան մասնագէտը:
Անդրադառնալով առողջապահութեան նախարարութեան ընթացիկ աշխատանքներուն՝ Քուշկեան յայտնած է, որ մէկ-երկու ամիսէն պիտի բացուի Մարտունիի նորակառոյց հիւանդանոցը, որ պիտի ապահովուի անհրաժեշտ գոյքով, դեղորայքով, բժշկական համակարգով եւ ժամանակակից սարքաւորումներով: Նոյն ժամանակաշրջանին նախատեսուած է նաեւ Կովսականի հիւանդանոցին անհրաժեշտ բժշկական գոյքերու եւ սարքաւորումներու տրամադրումը: Անոր համաձայն՝ յառաջիկային ծրագրուած է փոքր, սակայն ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող հիւանդանոցներու բացում Գետաւանի, Քարվաճառի եւ Ասկերանի մէջ:
Առաւելագոյնը մէկ ամսուան ընթացքին պիտի արդիականացուի շտապ օգնութեան ծառայութիւնը: «Այդ առումով կ՛ունենանք կենտրոնական դիսպետչերական ծառայութիւն՝ յատուկ ծրագրերով: Կանչն ընդունելուց յետոյ շատ արագ կ՛որակաւորուեն դրա առանձնայատկութիւնները, եւ ըստ այդմ էլ կ՛ուղարկուեն համապատասխան բժիշկներ: Բացի այդ նոր դեղորայքով կը համալրուեն շտապ օգնութեան բժշկական պայուսակները, որոնք կը ներառեն առաջին բուժօգնութեան բազմաթիւ դեղամիջոցներ: Փոփոխութիւններ կը լինեն նաեւ շտապ օգնութեան աշխատակիցների համազգեստների առումով», բացատրած է Քուշկեան:
Խօսելով ոլորտի խնդիրներուն մասին՝ առողջապահութեան նախարարը նկատել տուաւ, որ անոնք՝ ըլլան առօրեայ, թէ համակարգային, բոլորն ալ լուծելի են, յատկապէս երբ բոլոր պատասխանատուներուն մօտ առկայ են լաւատեսական տրամադրուածութիւնն ու հաւատքը՝ Արցախի մէջ առողջապահական բնագաւառի մեծ յառաջընթացին առնչութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.