
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան՝ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանի ընկերակցութեամբ 4 Մայիսին այցելած է Արարատի մարզի Վերին Արտաշատ եւ Նորաշէն համայնքներ: Կառավարութեան ղեկավարը հանդիպում ունեցած է համայնքներու գիւղացիական տնտեսութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ ծանօթացած է զանոնք յուզող խնդիրներուն եւ պատասխանած անոնց հարցումներուն:
Դիմելով գիւղացիներուն՝ վարչապետը նշած է, որ ոլորտը զարգացնելու համար կառավարութիւնը գիւղատնտեսութիւնը դասած է գերակայ ուղղութիւն: «Մենք գիւղացու կողքին ենք կանգնելու յստակ ծրագրերով, գործով: Ի հարկէ, այդ ամէնը ֆինանսական մեծ ռեսուրսներ են պահանջում, բայց որ յստակ քաղաքական կամք ենք դրսեւորելու եւ գնալու ենք այդ քայլերին, փաստ է: Կառավարութեան անդամների մեծ մասը լինելու է գիւղերում, մարզերում, փորձելու է շփուել գիւղացիների հետ, հասկանալու՝ ինչպիսի խնդիրներ կան», յայտնած է Յովիկ Աբրահամեան:
Վարչապետի համաձայն՝ կառավարութեան գործելաոճը «խոստում եւ իրականացում» սկզբունքին հիման վրայ պիտի ըլլայ: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ գիւղացին եւս պէտք է ընդունի, որ առկայ խնդիրներու լուծման համար ժամանակ եւ ֆինանսական միջոցներ անհրաժեշտ են: «Միաժամանակ, իւրաքանչիւր համայնք պէտք է իմանայ, թէ յստակ ժամանակացոյցով երբ է իրականացուելու տուեալ ծրագիրը: Ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի ֆինանսական ռեսուրսներ հայթայթենք՝ խնդիրներին լուծումներ տալու համար», յայտնած է վարչապետը:
Անդրադառնալով ցրտահարութեան պատճառած վնասներուն՝ Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը ամբողջութեամբ պիտի փոխհատուցէ ցրտահարութենէն տուժած գիւղացիական տնտեսութիւններու հողի հարկի, կիսով չափ՝ ոռոգման ջուրի վարձքը, պիտի իրականացնէ նաեւ վարկերու տոկոսներու մարման ժամկէտներու երկարաձգման աշխատանքներ, պարարտանիւթի, վառելանիւթի եւ սերմացուի պետական յատկացման ծրագիրներ:
Խօսելով կառավարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին՝ վարչապետը նշած է, որ անոնց թիրախը պիտի ըլլայ մարզերուն մէջ համագործակցականներու, ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Պիտի քննարկուի նաեւ գիւղացիներուն երկար ժամկէտով եւ ցած տոկոսներով վարկերու տրամադրման ծրագիրներու իրականացումը։
Վերին Արտաշատ եւ Նորաշէն համայնքներու բնակիչները վարչապետին հետ զրոյցին ընթացքին բարձրացուցած են նաեւ բուժման կեդրոնի, ոռոգման ջուրի համակարգի վերակառուցման եւ ճանապարհի հիմնանորոգման աշխատանքներուն առնչուող հարցեր: Յովիկ Աբրահամեան խոստացած է քննարկել ներկայացուած խնդիրները եւ գտնել համապատասխան լուծումներ:
Վարչապետը խոստացած է յանձնարարել կառավարութեան անդամներուն՝ քննարկել խաղողի մթերման գինի բարձրացման հարցը վերամշակող ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: