
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալ շաբթուան ընթացքին Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքի Անգարա այցելութիւնը դժբախտաբար շատ յոռի արդիւնք տուաւ, համալսարանի մը մէջ նախագահին կատարած քննադատութիւններուն պատճառաւ։
Այցելութիւնը լաւ ընթացած էր, սակայն այցելութեան պաշտօնական բաժինի փակումէն ետք, Կաուք հրաւիրուած էր բանախօսելու Միջին Արեւելքի Թեքնիք համալսարանին մէջ, ուր ան Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մասին քննադատութիւններ հրապարակեց՝ զայրացնելով վարչապետ Էրտողանը, որ դիւանագիտական ընկալեալ աւանդութիւնները մէկդի դնելով՝ ծանրօրէն հակադարձեց: Էրտողան ըսաւ, որ իրենց հանդիպման ընթացքին բոլոր այս հարցերուն մասին խօսուած էր ու ինք բացատրութիւններ տուած էր նախագահին, այնուամենայնիւ նախագահը ուսանողութեան դիմաց փորձած է խրատներ տալ Անգարային. «Ան իր խրատները թող իրե՛ն պահէ. մենք պէտք չունինք։ Կ՛երեւի, թէ Գերմանիոյ նախագահը տակաւին ինքզինք հոգեւորական կը կարծէ», աւելցուց Էրտողան։