ՇԱՂԻԿ ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ծիծեռնակը բոյն կը շինէ,
Բոյն կը շինէ եւ կ՛երգէ.
Ամէ՛ն մէկ շիւղ, որ կպցնէ
Իր հին տունը կը յիշէ:
Այս տողերը երգելով, թաց աչքերով փակեցի մեր Հալէպի տան դուռը՝ քանի մը օր ետք վերադառնալու յոյսերով:
2012ի Օգոստոսն էր, երբ պատերազմի մահուան մագիլները սկսած էին մխրճուելու Հալէպ… Ճամբուն ընթացքին կրկին թաց աչքերով կ՛երգէի այս երգը, յիշատակներու կարաւան մը կը խեղդէր զիս, կը յիշէի հօրս ժպիտը, երբ երկու տարուան երազս իրականացուց այդ տան բանալիով, կը խորհէի որքա՜ն յոգնութիւններու առջեւ կանգուն մնացած էր, որքա՜ն Քեսապի բարձունքներուն վրայ իր խնձորի ծառերուն պատմած էր այդ փոքրիկ տան մասին… Կը նայէի անոր դէմքին… կը հաշուէի ճակատի գիծերը… ո՜հ, որքա՜ն շատցած էին, մէկ տարի առաջ չկային այդ գիծերը, կը նայէի անոր ձեռքերուն՝ կը պատմէին սիրոյ քաղցր պատմութիւն մը ծառերուն եւ իր ձեռքերուն մէջ… Կը խորհէի հօրս դէմքի գիծերն ու ամրացած ձեռքերը թոյլ տուած էին նոր բոյն մը շինելու Հալէպ…
21 Մարտի առաւօտն էր, Հալէպ ապրած վիշտս ետ կը կրկնէի, կրկին մեր տան դուռը քաշելով կը հեռանայի Քեսապի տունէս, այս անգամ մահուան մագիլները հասած էին Քեսապ… Բիրտ, դաժան, արիւնարբու թուրքին մագիլները հասած էին իմ քաղցրիկ Քեսապիս… Քեսապի մէջ սկսած էի առաջին քայլերուս, հայաշունչ գիւղին մէջ թոթոված էի առաջին բառերս հայերէն, Գարատուրանի ծառերուն մէջ վազվզելէն դեռ չէի յոգնած, Չալմայի ջուրէն դեռ չէի կշտացած… Հիմա, տունս թողած՝ կը հեռանայի Քեսապէն:
Հօրս ճակատին գիծերն ու ամրացած ձեռքերը կը պատմէին ծիծեռնակին չարչարանքը, թափած քրտինքը մինչեւ այդ բոյնը սարքէր, չէի կրնար խղճալ անոր, ծիծեռնակը հզօր էր, առիթ չէր տար, որ ոչ ոք խղճայ անոր:
Այսօր ծիծեռնակը նոր պատմութիւն կը գրէ… այս անգամ ալ ծիծեռնակը նոր բոյն պիտի շինէ, սակայն պիտի չբաւարարուի իր հին բոյնը յիշելով… Պիտի դառնայ իր բոյնը՝ ի՛ր Քեսապը, խիստ գիտէ դաժան իրականութիւնը, նոր գիծեր պիտի աւելնան անոր դէմքին վրայ, երբ տեսնէ իր բոյնը դարձած է աւերակ, բայց հաստատ գիտէ, թէ ինք որքան հզօր է, իր փոքր ծիծեռնակները այնքան հզօր են, իր իննսունամեայ հայրը որքան հզօր է, ան հաստատ գիտէ տկար պահերուն իր հոգեւոր հովիւի աչքերէն ուժ ու կամք պիտի ամբարէ, հաստատ գիտէ, որ իր քեսապցի հարազատներուն պիտի օգնէ եւ իր հարազատներն ալ իրեն պիտի օգնեն, կրկին կեանք պիտի շողայ բոլորին բոյներէն, կրկին կեանք պիտի շողայ Քեսապէն… ան հաստատ գիտէ՝ այս բոյնը իրն է… Քեսապը մերն է… կը մերժէ յանձնուիլ տկարութեան ու մահին…
Քեսապցի ծիծեռնակը եւս բռնի ուժով հեռացուած է իր տունէն, բայց կրկին սկսած է նոր բոյն շինել, այս անգամ իր հին տունը կը յիշէ ժպիտով, յաղթական է ան, քաջ գիտէ, թէ քանի որ տակաւին շունչը չեն խլած իրմէ, պիտի պայքարի ու յաղթահարէ բոլոր ցաւերն ու փորձանքները ու դառնայ իր գեղեցիկ բոյնը, իր Քեսապը, կրկին Չալմայի բարձունքներուն՝ պիտի ուրախանայ «Վանայ Ձայն»ի հայկական երգերով, իր նորահաս ծառերուն մէջ կանգնած՝ բարձր պիտի կանչէ. «Քեսապը մերն է…»: