ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Էսթոնիոյ մէջ սկսած են ռազմափորձեր, որոնց կը մասնակցին ՆԱԹՕի անդամ երկիրներէն շուրջ վեց հազար զինուորներ:
«Գարնանային փոթորիկ» անուանով ռազմափորձերը պիտի տեւեն մինչեւ Մայիս 23: Ռազմափորձերը կը կատարուին Էսթոնիոյ հարաւային ու հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ, Ռուսիոյ սահմանին մօտ:
«Գարնանային փոթորիկ» ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան ամէն տարի, սակայն այս տարի սովորականէն շատ աւելի մեծ թիւով զինուորներ կը մասնակցին անոր: Անոնց աւարտին, ամերիկացի զինուորներէն մաս մը Էսթոնիա պիտի մնայ, առնուազն՝ մինչեւ տարեվերջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.