ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի արտաքին գոր- ծոց նախարար Մոհամմետ Ճա-ուատ Զարիֆ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է սուրիական տագնապի վերջին զարգացումները:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկու կողմերը իրենց Մարտ 5ի խօսակցութեան ընթացքին ընդգծած են Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը՝ զայն նկատելով տագնապի լուծման ամենայարմար ընտրանքը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը գնահատած է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ Իպրահիմիի ջանքերը՝ զանոնք որակելով «կարեւոր»:
Յայտնենք, թէ շշուկներ կան այն մասին, որ Իպրահիմի կրնայ հեռանալ իր պաշտօնէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.