ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր երկիրի սահմանադրութեան մէջ կը ձգտի վիճայարոյց փոփոխութիւն մը կատարել՝ ամրագրելով, որ Իսրայէլը հրեաներու երկիրն է: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի հանդիպումին ժամանակ վարչապետը երաշխաւորած է, որ երկրին մէջ բնակող փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ արաբներուն, իրաւունքները պիտի պաշտպանուին:
Նեթանիահու աւելցուցած է նաեւ, որ այդպիսի փոփոխութիւն կենսական անհրաժեշտութիւն ունի, որովհետեւ հրէական պետութեան օրինական գոյութիւնը մնայուն ու աճող վտանգի տակ է՝ թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին ճնշումներու պատճառով: Ան մտավախութիւն յայտնած է, որ Իսրայէլ կրնայ վերածուիլ երկազգ՝ արաբ-հրէական պետութեան մը:
Առաջարկը խստօրէն քննադատուած է Նեթանիահուի ընդդիմադիրներուն եւ պաղեստինցիներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.