
ԹԻՖԼԻՍ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Մայիս 6ին, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու անդրանիկ գերաստիճանը, երեք երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման նպաստելու նպատակով:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիին՝ գերաստիճանը կազմակերպելու նախաձեռնութեան համար, միաժամանակ դրուատելով երեք պետութեանց միջեւ գործակցութիւնը եւ աւելցնելով, թէ այս գործակցութիւնը պէտք է օրինակ ծառայէ այլ երկիրներու: Ան նաեւ առաջարկած է եռակողմանի յաջորդ գերաստիճանը գումարել Ատրպէյճանի մէջ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ շեշտած է համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ կրկնած է, թէ Անգարա նեցուկ կը կանգնի Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին:
Վրաստանի նախագահը նշած է, որ այս գերաստիճանին գլխաւոր նպատակն է աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ իրականացուող շարք մը նախագիծերու, յատկապէս՝ ուժանիւթի մարզէն ներս: