
ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը, որ չէ ուզած իր ինքնութիւնը բացայայտել, յայտնած է, թէ Անգարա որոշած է յառաջիկայ տասնամեակին ամերիկեան «Եաքհիտ Մարթին» ընկերութենէն գնել 100 գերարդիական «Էֆ. 35» տիպի ռազմական օդանաւեր, արդիականացնելու համար իր օդուժը: «Անտեսանելի» այս օդանաւերուն 100 հատին գինը մօտաւորապէս 16 միլիառ տոլար պիտի ըլլայ:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը արդէն իսկ իր հաւանութիւնը տուած է այս օդանաւերը գնելու որոշումին, եւ մօտիկ ապագային պիտի ապսպրուին անոնցմէ երկուքը, որոնք կրնան Թուրքիոյ յանձնուիլ 2015ին: