
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ թեմի հոգեւոր հովիւներու եւ հոգաբարձութեանց դիւաններու հետ:
Առաջնորդը ժողովին բացումը կատարելով՝ իր ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ շեշտելով, թէ փոխադարձ յարգանքով եւ գործակցութեան ոգիով մեր ծառայութիւնը կարելի կ՛ըլլայ աւելի համադրել՝ նպաստելով եկեղեցւոյ յաւելեալ պայծառութեան։
Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիգիճեան, խօսք առնելով՝ յաջողութիւն մաղթեց եւ գնահատեց սոյն հանդիպումը։ Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան իր կարգին բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով, թէ անոնք իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն Ազգային վարչութեան գործունէութիւնը։
Սոյն հանդիպումին նպատակն էր տեղեակ պահել հոգաբարձութիւնները՝ Ազգային վարչութեան կողմէ եկեղեցիներու ապահովագրութեան առնչութեամբ կատարուած ուսումնասիրութեան եւ որոշումին մասին։ Այս առնչութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Վահան Պզտիկեան եւ Վահէ Թաւլեան։ Ներկաները առաւել լուսաբանութեան համար հարցումներ ուղղեցին եւ համապատասխան գոհացուցիչ բացատրութիւններ ստացան։
Ապա, դոկտ. Տիգրան Պապիկեան որոշ թելադրանքներ փոխանցեց անդամական ժողովներուն կապակցութեամբ, իսկ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան զեկուցեց հաշուական տեղեկատուութեան հարցերուն մասին։
Ներկաները գոհունակութեամբ ընկալեցին տրուած զեկոյցները, շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ մաղթեցին, որ այս տեսակի հանդիպումներ յաճախակի դառնան։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ առաջնորդի փակման խօսքով, աղօթքով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով։