
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մաշտոց» քոլեճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան վերջերս միաձայնութեամբ ընտրուած է «Ռոթըր»ի Խաղաղութեան խմբակի վարչութեան անդամ՝ երեք տարուան պաշտօնավարութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ 2014-2015 տարեշրջանի գանձապահ:
Աշխարհի տարածքին խաղաղութեան համար աշխատանք տանող սոյն կազմակերպութեան մէջ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան անցեալին զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է: Ան նաեւ հիմնած է միջազգային «Ռոթըրի»ի թիւ 5300 շրջանի՝ խաղաղութեան նուիրուած տարեկան խորհրդաժողովներու շարքը, որուն շնորհիւ որոշուած էր դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի անունով կոչել շրջանի Խաղաղութեան հիմնարկը: