ՀԱՅԿ ԱՃԷՄԵԱՆ
Դեկտեմբեր 7, 1996ին իր մահկանացուն կնքեց բժիշկներու համաշխարհային ընտանիքին կարկառուն դէմքերէն տոքթոր Միհրան Թաշճեան՝ զաւակը Յովհաննէս եւ Շուշան Թաշճեաններուն, որոնք տարագրուած իրենց հայրենի հողերէն, կրցան, հայու անխորտակելի կամքով, պահել իրենց ընտանիքը՝ վեց զաւակներով, եւ առաջնորդեցին զանոնք դէպի բարձրագոյն ուսում, զանոնք շրջանաւարտ դարձնելով Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն:
Տոքթոր Միհրան Թաշճեան իր կեանքով փաստեց, թէ կարելի է գործել եւ հասնիլ միջազգային արժանավայել դիրքերու՝ անխոնջ ճիգով եւ յարատեւ աշխատանքով:
Իր բժշկական գործերը կը պարփակեն մանուկներու ոսկրաբուժութեան չորս հատորներու հաւաքածոյ՝ «Մանուկին Ոտքը» եւ «Ժառանգական (կոնքի) Ազդրի Խախտում» (1990):
Ան եղած է Հիւսիսային Ամերիկայի Մանուկներու ոսկրաբուժութեան միութեան հիմնադիրը եւ նախագահը:
Ան Childrns Memorial հիւանդանոցի փնտռուած ոսկրաբոյժը եղած է 1985էն եւ Northwestern University Medical School-ի բժշկական դասատու՝ 1969էն մինչեւ մահ:
Ստացած է Ոսկէ շքանշան Անգլիոյ Ոսկրաբուժական կազմակերպութենէն, Stinchfield մրցանակ՝ Ազդրի (կոնքի) միութենէն 1983ին եւ Berg շքանշան՝ Շուէտի Goteburg համալսարանէն:
Ան անդամ եղած է Ֆրանսական ոսկրաբուժական կազմակերպութեան եւ ստացած է տոքթորայի տիտղոս Փարիզի Սորպոն համալսարանէն:
Սան Ֆրանսիսքօ