ԵՐԵՒԱՆ.– Ժամանակակից հայ մամուլի աւագագոյն թերթերէն մէկը՝ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը պիտի ներկայանայ հայաստանեան հանրութեան։
Հարիւրամեայ յոբելենական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ 16 Մայիսին, ժամը 18:30ին Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան դահլիճին մէջ պիտի ցուցադրուի «Ժամանակի ժամանակը» վաւերագրական ժապաւէնը:
Բեմադրիչը Արա Շիրինեանն է, բեմագրութեան հեղինակը՝ Տիգրան Պասկեւիչեանը: Իսկ Շաբաթ օր Մատենադարանին մէջ պիտի սկսի գիտաժողով մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիր Միսակ Գոչունեանի հրապարակախօսական գործերը ներառող «Օրուան Մտորումները» ժողովածուի շնորհահանդէսը:
Ասիկա 20րդ դարասկիզբի պոլսահայ մտաւորականութեան վառ ներկայացուցիչին երկրորդ հրատարակութիւնն է, որ պիտի ներկայացուի ընթերցողին: Առաջինը 1896 թուականին Պոլսոյ մէջ հայ յեղափոխականներու կողմէ Օսմանեան դրամատան գրաւման դէպքերը եւ այդ ժամանակաշրջանը ներկայացնող «Կրակի Մէջէն» վէպն էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.