ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, Ապրիլ 27, 2014ի կէսօրէն ետք ժամը 5ին, ՀԲԸ Միութեան Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ Լոս Անճելըսի հայութիւնը արդար հպարտութեամբ նշեց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 108ամեակը: Ձեռնարկը իր որակով եւ բնոյթով կը յատկանշուէր հետեւեալ առաւելութիւններով.
Յայտագիրին մաս կազմողներուն մեծ մասը սահուն հայերէն եւ անգլերէն խօսող պատանի ու երիտասարդներ էին: Պարթեւահասակ հանդիսավարը՝ իրաւաբան Վաչէ Զեթճեանը, սահուն հայերէնով եւ անգլերէնով ու հմտութեամբ վարեց յայտագիրը՝ զուսպ կերպով, առանց աւելորդաբանութեանց:
Օրուան գլխաւոր բանախօս՝ երիտասարդ մտաւորական, հայերէն լեզուի սիրուած ու հմուտ ուսուցիչ Հրաչ Սեփեթճեան, հմայեց ներկաները իր խորիմաստ խօսքով:
Նուագներէ ու երգերէ բաղկացած գեղարուեստական յայտագիրը խռովեց ներկաներուն հոգիները:
Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ, միութեան Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան ու Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական զոյգ վարժարաններու հոգաբարձութեանց ատենապետ ու հայ դպրոցի առաքելութեան խորապէս հաւատացող ղեկավար Սինան Սինանեան, նաեւ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկեայի Շրջանակային վարչութեան ժրաջան ատենապետ Գրիգոր Գարակէօզեան եւ կինը՝ Լուսի, Կլենտէյլի կրթաշրջանի միացեալ մարմինի անդամ Նայիրի Նահապետեան, Ռամկավար Ազատական, Սոցիալ Դեմոկրատ եւ ՀՅԴ աւանդական երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, հայրենակցական, մշակութային միութեանց եւ հասարակական կազմակերպութեանց անդամներ, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, վարչականներ ու հոծ բազմութիւն մը:
ՀԲԸՄ Փասատինայի, Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի սկաուտներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք հնչեցին Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները:
ՀԲԸ Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 2003 տարուան շրջանաւարտ, իրաւաբան Վաչէ Զեթճեան ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ ՀԲԸՄի ծառայութիւններուն մասին համառօտ տեղեկութիւններ տալէ ետք, իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալուն համար:
Շատ հաճելի անակնկալ մըն էր առաջին անգամ ըլլալով լսել ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նորակազմ նուագախումբի կատարումները, առաջնորդութեամբ խումբի ղեկավար Քրիսթինա Խոճայեանի: Հրամցուեցան Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութիւնները՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափահարութեան: Նմանապէս, հաճելի անակնկալ մըն էր նուագախումբին մէջ տեսնել վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Յակոբ Յակոբեանը, որ իր կրթական մասնագիտութեան առընթեր, երկար տարիներու ջութակ նուագելու փորձառութիւնը ունի:
Հանդիսավարը ջերմ խօսքերով ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս Հրաչ Սեփեթճեանը, որ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Հայկական բաժինի պատասխանատուն է: Սեփեթճեան ծնած է Պէյրութ, ուսումը ստացած է տեղւոյն ՀԲԸՄի Նազարեան, Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան եւ ապա Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ՝ աւարտելով լեզուի եւ գրականութեան բաժինը: Ան պաշտօնավարած է Պէյրութի դպրոցներէն ներս, եղած է «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիրի օգնական: Ամերիկա գալէն ի վեր կը պաշտօնավարէ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս: Կամաւոր կերպով կը ծառայէ որպէս «Նոր Օր»ի խմբագրական կազմի անդամ եւ աշխատակցութիւն կը բերէ մշակութային ու գրական բազմաթիւ թերթերու եւ հրատարակութիւններու:
Յարգելի բանախօսը շուրջ քսան վայրկեաններու մէջ ներկայացուց ՀԲԸՄի բազմաբնոյթ եւ բազմաթիւ ծառայութիւնները՝ զայն անուանելով «բարի հսկան»: «ՀԲԸՄը Հայաստան մըն է՝ Հայաստանէն դուրս: ՀԲԸՄը հայելին է մեր վերջին հարիւր եւ աւելի տարիներու պատմութեան», ըսաւ Սեփեթճեան եւ շարունակեց իր խօսքը՝ խորհրդածութիւններ ընելով Միութեան անցեալի ծառայութեան մասին: Ան գնահատեց Միութեան կամաւորները՝ իրենց նուիրումին համար, թուեց Միութեան նիւթական յատկացումները եւ մեծապէս գնահատեց «այս բարի հսկան, որ իր ուսերուն վրայ առաւ հայը հայ պահելու խնդիրը՝ մայր հողէն դուրս», նշեց ան:
Հ. Սեփեթճեան խօսեցաւ նաեւ հայրենիքէն ներս Միութեան կատարած կրթական, մշակութային եւ այլ վիթխարի ծառայութիւններուն մասին, ապա խօսքը աւարտեց դէպի լուսաշող ապագայ տանող քանի մը առաջարկներ ընելով՝ հայահոծ գաղութներու մէջ նոր կեդրոններ բանալ, հայկական հեռատեսիլի ժամեր ունենալ եւ այլն…: «Այսօր մենք նոր Պօղոս Նուպարներ, նոր Գալուստ Կիւլպէնկեաններ, նոր Գարակէօզեաններ, նոր Ալեք Մանուկեաններ, Նազարեաններ, Տէմիրճեաններ, Սեդրակեաններ, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ, Սինանեաններ եւ Սամ Սիմոնեաններ պէտք է տանք մեր ժողովուրդին», եզրակացուց ան՝ արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութեանց:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի երգի ու նուագի գոհարներէն Պապին Պօղոսեան՝ հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերով, Արմէն Մովսիսեան՝ սքանչելի ջութակով, եւ օփերայի վարպետ Ռուբէն Թելունց, որ երգեց Կոստանդին Օրբելեանի եւ Արտեմ Այվազեանի ստեղծագործութիւններէն:
Փակման պատգամով ելոյթ ունեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Գրիգոր Գարակէօզեան, որ յատուկ ջերմութեամբ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները՝ Միութեան այս պանծալի օրուան առիթով: Ան կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ անդամագրուին Միութեան եւ մաս կազմեն անոր բազմաթիւ աշխատանքներուն: Գարակէօզեանի խօսքերը ընդունուեցան ջերմ ծափողջոյններով:
Հանդիսավարի փակման խօսքէն ետք, Սուրբ Պետրոս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանի»չով վերջ գտաւ այս յիշատակելի հանդիսութիւնը, որմէ ետք ներկաները անցան կողքի բացօդեայ բաժինը եւ վայելեցին ճոխ հիւրասիրութիւն:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութիւնը եւ սոյն ձեռնարկի յանձնախումբի ատենապետ Աւօ Մարգարեանը՝ այս բարձրորակ ձեռնարկին համար:
Թող յաւերժ ապրի Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութիւնը: