– Մայիս 22ին, Ռուսիա եւ Չինաստան, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի ենթարկեցին Սուրիոյ թղթածրարը Միջազգային քրէական ատեանին փոխանձելու բանաձեւը:
– Ուքրանիոյ նախագահութեան թեկնածու Փիոթր Փորոշենքօ յայտարարած է, որ եթէ Մայիս 25ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները մէկ հանգրուանով տեղի չունենան, ապա երկրորդ հանգրուանը կրնայ ընդհանրապէս տեղի չունենալ, որովհետեւ՝ «ապակայունացման մակարդակը հաւանաբար դառնայ այնպիսին, որ մենք ստիպուած ըլլանք պայքարելու օրինականութեան համար»:
– Միացեալ Նահանգներու մէջ նուազագոյն վարձատրութեամբ աշխատողներուն գրեթէ 50 տոկոսը 25 տարեկանը բոլորած աշխատաւոր է:
– Քիչ եկամուտ ունեցող ամերիկացի ամուսնալուծուած տղամարդկանց 53 տոկոսը կը զղջայ ամուսնալուծուած ըլլալուն համար, մինչ նոյն դասաւորման մէջ գտնուող կանանց մօտ այդ համեմատութիւնը միայն 19 տոկոս է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.