ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յարգանքի հասցէները միշտ զանազանութիւններու դիմաց կը դնեն մարդը: Ո՞վ պէտք է յարգուի: Ինչո՞ւ պէտք է յարգուի: Ինչքա՞ն պէտք է յարգուի: Ասոնք բոլորն ալ վիճարկումի նիւթեր են եւ շատ ժամանակ կրնան խլել հետաքրքրուողներէն: Սակայն, կարելի է ամփոփել յարգանքի շրջագիծը, շատ պարզ հաստատումով, թէ՝
_ Մա՛րդը պէտք է յարգել, եւ ո՛չ թէ յարգել այն ամէն ինչի համար, որ կը պատկանի անոր, սկսեալ իր պաշտօնէն ու հանգամանքէն, դիրքէն ու համբաւէն, գիտութենէն եւ հարստութենէն:
Մարդը այս բոլորէն վեր կը մնայ իր ինքնագիտակցութեամբ: «Ո՞վ եմ ես» հարցումը իր խորութեան մէջ կրնայ տարբեր ուղղութիւններու առաջնորդել հարցնողը: Ամէնէն ճիշդ հունը, որուն մէջ պէտք է իր ընթացքը գտնէ այդ ինքնագիտակցութիւնը, համեստութիւնն է: Այս առաքինութեան մասին տեղեկութիւններ յաճախ կը պակսին սեփական բառարաններու մէջ: Ասիկա կը կոչուի «գտնուած առաքինութիւն»: Այսինքն՝ քիչեր միայն այդ մասին ծանօթութիւն ձեռք կը բերեն, այն ալ՝ յատուկ փորձառութեամբ: Վերոյիշեալ ինքնագիտակցութեան ճամբով միայն կարելի է ձեռք բերուած այդ առաքինութիւնը՝ համեստութիւնը ծառայեցնել թէ՛ անձին եւ թէ ուրիշներու բարիքին:
Մարդուն ընծայուած յարգանքը անոր անձին ուղղուած պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ անոր ներկայացուցած հանգամանքին: Սակայն, հանգամանաւոր անձն ալ բնա՛ւ պէտք չէ մտահան ընէ, թէ ինք այդ հանգամանքը ստացած է եւ ո՛չ թէ անով իսկ աշխարհ եկած:
Բարոյալից առակներու շարքին անցած է այն, որուն գլխաւոր դերակատարը հովիւ մըն է, որ բախտի բերմամբ երկրի թագաւորին ուշադրութեան կ՛արժանանայ ու անոր հաւատարիմ նախարարներէն մէկը կը դառնայ: Ամէն անգամ պալատէն դուրս գալուն, հովիւը կողքի շէնքին մէջ կ՛առանձնանայ որոշ ժամանակի համար եւ ապա դուրս գալով իր ապարանքը կ՛ուղղուի:
Թագաւորին հաւատարիմներու միտքին մէջ կասկածներ կը յառաջանան այս նախարարի անձին շուրջ, մանաւանդ անոր առանձնանալը պալատի կողքի շէնքին մէջ մեծ հարցականներ կը ստեղծէ անոնց մօտ: Ուստի, իրենց մտահոգութիւնը թագաւորին կը պարզեն, առաջքը առնելու համար անսպասելի անախորժութիւններու կամ նոյնիսկ հաւանական դաւադրութեան մը: Պահակագունդի հետապնդումները, սակայն, տարբեր փաստ կը յայտնաբերեն, որ վտանգի ո՛չ մէկ նշոյլ ունէր իր մէջ, ո՛չ նախարարի անձին ուղղուած եւ ոչ ալ թագաւորին:
Հետապնդողները կը տեսնեն, թէ նախկին հովիւ նախարարը պալատի կողքի այդ շէնքին մէջ առանձնանալով կը մտնէր յատուկ սենեակ մը եւ իր նախարարական շքեղ շրջազգեստը հանելով՝ կը հագնէր իր նախկին հովիւի վերարկուն: Յաջորդ օր թագաւորը իր մօտ կը կանչէ իր հաւատարիմ նախարարը ու երբ հարց կու տայ կողքի շէնքի առանձնասենեակին մէջ իր զգեստափոխումի մասին, նախկին հովիւը կ՛ըսէ, թէ այդ միջոցին կը դիմէր ամէն օր, որպէսզի չմոռնայ որ ինք նախկին հովիւ էր եւ ո՛չ ազնուական: Այս միջոցին կը դիմէր ան, որպէսզի կարենար ականջալուր դառնալ այն բոլոր սովորական մարդոց, որոնք դիմէին իր օգնութեան, օժանդակութիւն խնդրելով: Ուստի, իր նախկին ինքնութիւնը յիշելու եւ ըստ այնմ սովորական մարդոց հետ վարուելու ինքնամարզումներ կը կատարէր ան, պալատական իր ժամը աւարտելէ եւ իր ապարանքը երթալէ առաջ:
Զգեստը, հանգամանքը, պաշտօնն ու պատիւը, փառքն ու շքեղութիւնը երբեք պէտք չէ՛ կարենան աւելի զօրաւոր հանդիսանալ, քան մարդկային համեստութիւնը, որ ինչպէս յիշուեցաւ, հազուագիւտ առաքինութիւններու շարքին պէտք է դասել: Առաքինութիւն, որ «շուկայ»ի վրայ հեշտօրէն կարելի չէ՛ գտնել:
Զգեստին ընծայուած յարգանքին զաւեշտախառն պատմուածքը, իսլամ հանրածանօթ կրօնաւորին վերագրուող դրուագներուն մէջ կայ, երբ ան առանց սքեմի ճաշի կը հրաւիրուի, սակայն ամէնէն վերջին աթոռին վրայ կը նստի ու անօթի կը մնայ: Յաջորդ անգամ սքեմով կ՛երթայ նոյն վայրը, ու սեղանին գլուխը կը բազմեցնեն զինք: Սրամիտ կրօնաւորը սքեմին քղանցքը բռնած, ամանին մէջ կը մտցնէ, յորդորելով ատոր որ ուտէ՛, որովհետեւ յայտնապէս տրուած յարգանքն ու պատիւը սքեմին համար էր եւ ո՛չ թէ իր անձին:
Վա՛յ այն տարազաւորին կամ սքեմաւորին, որուն ընծայուած յարգանքը անձէն աւելի զգեստին կ՛երթայ, որովհետեւ անձը այդ պահուն ոչնչութեան կը վերածուի: Արժէքները արժանիքներու մէջ պէտք է փնտռել եւ ո՛չ թէ զգեստի ու արտաքին շպարի մէջ: Շպարի մշակոյթը աշխարհ մըն է ինքնին, որուն ետին կը պահուըտին ինչքա՜ն ցաւալի տգեղութիւններ: Ի ցի՜ւ թէ այդ տգեղութիւնները ֆիզիքական ըլլային… Այդ տգեղութիւնները ֆիզիքականի նման ծնունդով չեն ժառանգեր մարդիկ, այլ իրենց կեանքի ընթացքին կը ստանան: Այնպէս ինչպէս ոմանք գեղագիտական գործողութիւններու ենթարկուելով աւելի կը տգեղնան երբեմն, նոյնպէս ալ իրենց վատ արարքներով մարդիկ իրենց հոգեկան դէմքը կը տգեղցնեն:
Աշխարհի իսկական տգեղութիւնները ներքին տգեղութիւններն են, հոգեկան դէմքերու վրայ բացուած վէրքերը, տխեղծ ու այլանդակ դիմագիծերով եւ անհանդուրժելի ու աններդաշնակ գոյներով:
Իսկ թէ հոգեկան տգեղութիւնը կարելի՞ է դարմանել, այդ մասին Յիսուսի բարոյախօսութիւնը կ՛ապահովցնէ մեզ, որովհետեւ պոռնիկն ալ, որուն հոգեկան մուրը ո՛չ ոք կրնար մաքրել, արդարացաւ Անոր խօսքով: Նոյն ձեւով ալ բոլոր հոգեկան տգեղութիւնները, որոնք ընկերութեան կեանքը կը վտանգեն, կրնան բուժուիլ եւ գեղեցկանալ: Հաւատացէ՛ք որ սա աւելի հեշտ աշխատանք է, քան ֆիզիքական տգեղութիւնը գեղեցկութեան փոխելու երբեմն ապարդիւն գործը:
Մանկական երգերու փունջին մէջ սորված էինք երգ մը, որ աւելի խրատ էր, քան սովորական երգ: Անոր մէկ տողը կ՛ըսէ. «Ոսկի ակնոցը, արժէքը մարդու չի՛ փոխեր երբեք, գիտցած ըլլաս դու»: Ուրեմն, մա՛րդը յարգէ, անոր վրայ դրուած զարդը յարգելէ աւելի: