
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ նախագահը 24 Ապրիլ 2015ին հրաւիրած է Հայաստան: Նախագահը այս մասին յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստին ընթացքին։
«Եթէ Թուրքիայի իշխանութիւններին հետաքրքրում է ճշմարտութիւնը, ուրեմն նրանք պէտք է գան Հայաստան եւ Ապրիլի 24ին լինեն հայ ժողովրդի կողքին: Չեմ կարծում, թէ դրանից յետոյ նրանք արխիւներ այցելելու մասին միտք հնչեցնել կը կարողանան: Օգտուելով այս առիթից՝ պաշտօնապէս հրաւիրում եմ Թուրքիայի նախագահին, ով էլ որ ընտրուի առաջիկայ ընտրութիւնների ժամանակ, այցելելու Հայաստան 2015 թուականի Ապրիլի 24ին եւ առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններին», յայտարարած է Հայաստանի նախագահը:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ հրաւէրներ ուղարկուած են շարք մը պետութիւններու ղեկավարներուն 2015ի ընթացքին եւ յատկապէս Ապրիլ 24ին այցելելու Հայաստան՝ հայերուն հետ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին, ձայն բարձրացնելու Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ առհասարակ եւ արձանագրելու, որ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն վերապրեցաւ, այլ նաեւ վերածնունդի ճամբան բռնեց:
Սերժ Սարգսեանի համաձայն՝ պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ խօսիլ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին, մինչ Հայաստանի արխիւները միշտ բաց եղած են բոլոր այն հետազօտողներուն համար, որոնք հետաքրքրուած են այս հարցի գիտական բաժինով: Տրամադրելի եղած են նաեւ գիտական հաստատութիւններուն եւ թանգարաններուն մէջ պահուող նիւթերը: «Բայց ողջ հարցը նրանում է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեանն առերեսուելու համար արխիւային աշխատանք ընդհանրապէս չի պահանջւում: Բաւական է մտնել ցանկացած հայկական տուն, ցանկացած ընտանիք եւ վկայութիւնները կը լցնեն ցանկացած ունկնդրի սիրտը: Բաւական է լինել Ծիծեռնակաբերդում Ապրիլի 24ին եւ տեսնել, թէ ո՞րն է այդ օրուայ խորհուրդը իւրաքանչիւր հայի համար՝ Հայաստանում եւ Սփիւռքում: Բաւական է գնալ Սփիւռքի ցանկացած համայնք եւ հարցնել՝ ինչպէ՞ս են ձեր նախնիները յայտնուել այստեղ», ընդգծած է Հայաստանի նախագահը՝ միաժամանակ նշելով, որ այս բոլորով հանդերձ հայերը թշնամութիւն չեն տածեր թուրք ժողովուրդին նկատմամբ։