
Կազմակերպութեամբ Էսայեան Կեդրոնական սանուց միութեան, Շաբաթ, Մայիս 10ին տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Զահրատի 90ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Այս յատուկ առիթով Պոլիսէն ժամանած էր Զահրատի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեան եւ պոլսահայ յայտնի ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց միութեան ատենապետ Արթօ Խրիմեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ մանաւանդ Պոլիսէն ժամանած թանկագին հիւրերուն: Ապա ան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան լուսապատկերներով (power point) խօսեցաւ 35 վայրկեան միայն, անծանօթին ճանչցնելով Զահրատը, իսկ ծանօթներուն աւելի պայծառ պատկեր մը տալով Զահրատի գրականութեան մասին: Դասախօսը նշեց, որ Զահրատ պարզ գրող մը չէ. անոր պարզունակ թուացող տողերուն ետին կայ փիլիսոփայութիւն, կան թաքնուած միտքեր եւ խոր արտայայտութիւններ: Թէեւ զուարթախոհ է, սակայն Զահրատ կատակաբան չէ, comedian չէ, իր զուարթ թուացող տողերու ետին, երբեմն թախիծ, երբեմն յուսախաբութիւն եւ նոյնիսկ արցունք կարելի է զգալ կամ տեսնել: Տողերու ետին քօղարկուած քաղաքական ակնարկութիւններ կարելի է նշմարել: Մարգարեան շեշտեց, որ Զահրատ նաեւ տիպարներ ունի, ինչպէս օրինակ ամէնէն համբաւաւորները՝ Կիկօն, Աբբասը, Խարալամպոսը, Նորիկը եւայլն: Մարգարեան կարգ մը բանաստեղծութիւններ պաստառին վրայ ցուցադրելով, բացատրութիւններ կու տար ներկաներուն, որոնք մեծ հաճոյքով կը հետեւէին եւ ինչպէս յետոյ ակնարկեցին՝ «ասիկա համալսարանական մակարդակի (աքատեմիք) դասախօսութիւն էր»:
Աւարտելով իր խօսքը, Մարգարեան յայտարարեց, որ Զահրատի բանաստեղծութիւններէն 153ը անգլերէնի թարգմանուած է եւ հրատարակուած: Կապոյտ կողքով գիրքի առաջին օրինակը, որուն վրայ ճերմակ տառերով յստակ կը կարդացուէր ԶԱՀՐԱՏ 90, նուիրեց Զահրատի տիկնոջ՝ Անայիսին, որ յուզուած ժպիտով եւ հպարտութեամբ ընդունեց զայն:
Ապա Զուարթ Պալըքճեան ներկայացուց յայտագիրի յաջորդ երկու մասնակցողներուն կենսագրականները: Նախ՝ երգահան Պերճ Թիւրապեան, որ իր յօրինած երաժշտութեամբ երգեց Զահրատի բանաստեղծութիւներէն: Ապա Պոլիսէն յատկապէս ժամանած Սիլվա Կոմիկեան ասմունքեց Զահրատի բանաստեղծութիւններէն:
Անայիս Եալտըզճեան վերջին խօսողն էր. ան իր «սրտի խօսք»ին մէջ յայտնեց իր գոհունակութիւնը Զահրատի 90ամեակի առթիւ կազմակերպուած այս հանդիսութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Էսայեան Կեդրոնական սանուց միութեան, ատենապետ Արթօ Խրիմեանին, դասախօս դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին, երաժիշտ Պերճ Թիւրապեանին եւ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանին:
Արթօ Խրիմեանի փակման խօսքով յայտագիրը վերջ գտաւ, որուն յաջորդեց ճոխ հիւրասիրութիւնը:
(Ներկայ մը)