Արամ Ա. կաթողիկոս Հինգշաբթի, 22 Մայիսին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մայք Խարապեանի եւ ՌԱԿի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչուած ծրագիրներն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարները:
Թէ՛ վեհափառը եւ թէ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամուր պահելու եւ 100ամեակը համազգային մակարդակով արժեւորելու հրամայականը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.