Ուրբաթ, 23 Մայիսի երեկոյեան Լիբանանի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուելու «Աստուածային Կատակերգութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Արդարեւ, ներշնչուելով Իզոտոր Շթո-քի, Տանթէի եւ Զոհրապ Եագուպեանի «Աստուածային Կատակերգութիւն»ներէն, Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր այժմէական անձնադրոշմ մեկնաբանութեամբ, համախմբելով իր շուրջ արհեստավարժ դերասաններ Զաւէն Պաաքլինին, Յովսէփ Գափլանեանը, Նժդեհ Մկրտիչեանը, Ժան Պեքերեճեանը, Վարդան Ազնաւորեանը, Արփի Սողոմոնեանը, Արին Յովսէփեանը, նաեւ օգնական բեմադրիչ Հրայր Գալեմքերեանը, անգամ մը եւս լիբանանահայ թատերասէր հանրութեան հրամցուց սոյն կատակերգութիւնը:
Երկնային եւ երկրային աշխարհներու մէջ զարգացող այս թատերախաղը կեդրոնացած է չար եւ բարի ուժերու միջեւ մղուող պայքարին վրայ: Իբրեւ պատիժ երկինքէն երկիր աքսորուած մարդը կ՛ապրի իր ճակատագիրը, երբ Եւայի նախատիպարը կ՛ապստամբի Աստուծոյ դէմ, որ իր կարգին զայրանալով՝ սպաննել կու տայ զինք եւ կը փոխարինէ Եւայով: Եւա խորամանկութեամբ խելահան կ՛ընէ Ադամը, որուն հետեւանքով Աստուած երկիր կ՛ուղարկէ զիրենք: Խաղը կը շարունակուի Աստուծոյ եւ Ադամ ու Եւայի միջեւ: Մարդը կը շարունակէ իր գոյապայքարը՝ իր կամքով ընտրելու բարին կամ չարը: Եւ ինչպէս բեմադրիչը կը հաստատէ. «Արարիչին պատկերով ստեղծուած մարդը ազատ կամք եւ բարիք դրսեւորող էակն է: Այդպէս պէտք է ըլլայ հայ մարդը եւ հայ ստեղծագործը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.