ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախաձեռնութեամբ «Ապրիլ» գրատան, Հայ կանանց միջազգային միութենէն (AIWA) Ճուտի Սարեան հանրութեան պիտի ներկայացնէ վերջերս անգլերէնի թարգմանուած Զապէլ Եսայեանի երկու հատորները՝ «Սիլիհտարի Պարտէզները» («The Gardens of Silihdar») եւ «Հոգիս Աքսորեալ» («My Soul in Exile»): Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունիս 5ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ:
Հայ կանանց միջազգային միութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուած այս գործերէն առաջինը թարգմանուած է Ճենըֆըր Մանուկեանի, իսկ երկրորդը՝ Ճի.Էմ. Կօշկարեանի կողմէ:
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA, իսկ ձեռնարկին մուտքը ազատ է: Նաեւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել «Ապրիլ» գրատուն՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.