ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին քանի մը ամիսներուն, Թուրքիա պարբերաբար ցնցուեցաւ մանուկներու դէմ կատարուած սեռային ոտնձգութիւններու, բռնաբարութիւններու եւ կորսուած երեխաներու դաժան սպանութիւններու մասին տարածուած լուրերէն, որոնք բողոքի մեծ ալիք ստեղծեցին երկիրի տարածքին։ Այս նպատակով, ներկայիս աշխատանք կը տարուի պետական ապահովութեան տակ առնուած երեխաներուն թիւը եւ անոնց ո՛ւր ըլլալը ճշդելու ուղղութեամբ։ Դժբախտաբար, լուրերը մտահոգիչ են։
Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն՝ երկրին մէջ վեց հազար երեխայ կորսուած է եւ մտահոգիչը այն է, որ 3071 երեխաներ, որոնք պաշտօնապէս ցոյց կը տրուին իբրեւ պետական խնամքի ներքեւ եղողներ, մէջտեղ չկան: Անոնց մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի ընտանիքի ու ընկերային ապահովութեան հարցերով նախարարութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.