ՊԱՔՈՒ.- Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Ատրպէյճանի ուժանիւթի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Շահին Մուսթաֆայեւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական վարժարանի ուսանողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ երկիրը չի ծրագրեր անդամակցիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան կամ Եւրոմիութեան:
Շաբաթասկիզբը Պաքու այցելած Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարար Ալեքսէյ Ուլիաքայեւ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան կրնայ քննել Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հարցը: Ան նաեւ յայտարարած էր, որ Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կրնան ներդրումային միացեալ հիմնադրամ ստեղծել՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա նման հիմնադրամներ ստեղծած է Քաթարի, Քուէյթի, Հարաւային Քորէայի, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.