ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, որ Հարվըրտի համալսարանին մէջ անցեալները թուրք բժիշկի մը նախատալից հարցումներուն նշաւակը դարձած էր, Յունիս 5ին դարձեալ նեղ կացութեան մատնուեցաւ, երբ Մուղլա այցելութեան ընթացքին բողոքարկու մը պոռացած է. «Սոմայի սպանդին հաշիւը տուէք»՝ ակնարկելով Սոմայի ածխահանքի արկածին պատճառով զոհուածներուն։
Նախագահին թիկնապահները անմիջապէս մեկուսացուցած են բողոքարկուն, գոցած են անոր բերանը եւ հեռացուցած զայն։
Կիւլ Պոտրում գացած էր մասնակցելու համար թրքախօս երկիրներու գերաստիճանին եւ ապա Մուղլայի կուսակալութիւնը այցելած էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.