ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Լոս Անճելըս հաստատուած խումբ մը նախկին իրաքահայեր, Ապրիլ 1979ին Կլենտէյլի մէջ կազմեցին Իրաքահայերու հայ ընտանեկան միութիւնը։ Քանի մը շաբաթ ետք, հիմը դրուեցաւ միութեան համանուն շաբաթօրեայ վարժարանին՝ նպատակ ունենալով անվճար հայերէն լեզու, երգ ու պար սորվեցնել նորահաս հայ սերունդին։
Շուրջ 32 տարի աշակերտներուն անվճար դասագիրք տրամադրած ենք։ Նմանապէս, դադարի ատեն, զովացուցիչ կամ խմորեղէն հրամցուցած ենք։ Միայն վերջին քանի մը տարիներուն է, որ դասագիրքի գինը կը գանձուի աշակերտներէն։ Այս ամէնը, 35 տարիէ ի վեր կը կատարուի՝ առանց պետական կամ համահայկական միութեան ու կազմակերպութեան մը նիւթական օժանդակութեան։ Շաբաթօրեայ այս վարժարանը կրցած ենք պահել՝ շնորհիւ մեր թանկագին ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ վար-չական պատասխանատուներու կամաւոր, անվճար ծառայութեան։ Նոյնպէս, այս վարժարանը կրցած ենք պահել՝ շնորհիւ մեծահոգի եւ գիտակից հայերու սրտաբուխ նուիրատուութեանց։ Այս պատուական ազգայինները, ընդառաջելով իրենց արեան կանչին՝ ամէն տարի մեզի հասցուցած են իրենց նուէրները. անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ծանօթ ալ չեն մեր վարժարանի վայրին եւ պատասխանատուներուն։ Այս վստահութիւնն ու գիտակցութիւնը մեզ կը ստիպէ աւելի մեծ նուիրումով, խղճմտանքով եւ նուիրուածութեամբ տանելու մեր գործը, ի շահ մեր նորահաս սերունդի ազգային ոգիի եւ դիմագիծի պահպանման։
Վարժարանը սկսաւ 10-15 աշակերտով, իսկ քանի մը շաբաթուան ընթացքին այդ թիւը հասաւ 50ի։ Առաջին քանի մը շաբաթը սրճարանի մը մէջ սկսելէ ետք, վարձեցինք Կլենտէյլի «Ճան Միւր» նախակրթարանի սրահը։ Հոն աշակերտութեան թիւը շուրջ 150ի հասաւ։ Ստիպուած եղանք աւելի մեծ վայր մը վարձելու։ 1981ին, անցանք Կլենտէյլի «Ֆըրսթ Լութըրըն» եկեղեցւոյ կալուածը՝ ամբողջ դպրոցի շէնքը վարձելով։ 16 տարի այդ շէնքը գործածելով՝ դպրոցի աշակերտութեան թիւը 175-250 միջեւ էր։ Ունէինք 18-20 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, օգնականներ ու հսկիչներ։
1998ին, ընդառաջելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղի վարչութեան այդ օրուան ատենապետ Վարդան Նազարեանի հրաւէրին եւ վաւերացումովը ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ Ճորճ Մանտոսեանի, վարժարանը տեղափոխուեցաւ Փասատինա՝ մաս կազմելով ԹՄՄին եւ կրելով ԹՄՄի Հայ ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարան անունը։ Սկզբնական շրջանին, «Պէշկէօթիւրեան» շէնքի մայր սրահը եւ վերի յարկի բաժինները կը գործածէինք՝ 150է աւելի աշակերտներ ունենալով։ Նկատի ունենալով, որ սրահը միշտ վարձուած կ՛ըլլար եւ շէնքին համար կարեւոր եկամուտի աղբիւր էր անիկա՝ վարժարանի պատասխանատուները որոշեցին գործածել միայն կեդրոնի վերի մասը՝ 80-90 աշակերտ ընդունելով։ Ներկայիս վարժարանի դասերը տեղի կ՛ունենան «Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ (1901 N. Allen, Altadena)։
Դպրոցի կողքին, ծնունդ տուած ենք նաեւ գաղութիս մէջ գործող երեք պատուաբեր պարախումբերու։ Առաջին երկու խումբերը ծնունդ առին դպրոցէն ներս, հիմնականօրէն՝ մեր աշակերտներուն մասնակցութեամբ։ Անոնք են՝ Սերժ Պոտոյեանի «Հայրենիք» պարախումբը եւ Սամուէլ Նազարեանի «Վանուշ Խանամիրեան» պարախումբը: Ալթատինայի նոր վայրին մէջ ունեցանք նաեւ Քրիստինա Էպէյեանի «Զարթօնք» պարախումբը։
Անցեալ 35 տարիներուն ընթացքին, մեր շաբաթօրեայ վարժարանը այցելած են բազմաթիւ հիւրեր, մտաւորականներ, կղերականներ եւ հասարակական գործիչներ, որոնք շաբաթական բարոյախօսութիւններ փոխանցած են։ Կազմակերպած ենք նաեւ բազմաթիւ խրախճանքներ, պարահանդէսներ, մշակութային եւ աշակերտական հանդիսութիւններ։ Ամէն տարի մեր դպրոցէն ներս կը նշենք Հայաստանի Անկախութեան օրը, Մշակոյթի օրը, Սրբոց Վարդանանց տօնը, Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը: Նաեւ կը նշենք Մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը, Ս. Զատիկը եւ Սարդարապատի յաղթանակի օրը։
Վերջին 18 տարիներուն, վարժարանիս տնօրէնութիւնը պաշտօնապէս կը վարէ Պէյրութ ծնած, մայրապետներու դպրոցը յաճախած եւ երկու զաւակի մայր Ռիթա Մարտիրոսեանը։ Ան կարգապահութեան եւ նուիրումի մարմնացումն է։ Փոխտնօրէնուհին է Երեւանի Պետական համալսարանի հայերէն լեզուի բաժինէն շրջանաւարտ երիտասարդ մտաւորական Անի Մախշիկեանը։ Մեր բոլոր ուսուցչուհիները Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի բարձրագոյն կրթութեամբ օժտուած հայեր են, որոնք մեծ սիրով եւ գիտակցութեամբ նուիրուած են այս գործին։
Վարժարանը կը ղեկավարուի խնամակալ մարմինի մը կողմէ, որ կը զբաղի Շաբաթօրեայի նիւթական, կրթական եւ այլ հարցերով։ Այդ մարմինի անդամներն են՝ Խաչիկ Ճանոյեան, փրոֆ. Ալպէր Աղամանուկեան, Ռոզմերի Ճանոյեան, Ռիթա Մարտիրոսեան եւ Անի Մախշիկեան։
Կարելի չէ այս յօդուածը աւարտել՝ առանց շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղելու ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութեան, որուն բարոյական նեցուկը միշտ խթան հանդիսացած է մեր կրթական գործին։
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք նաեւ մեր վարժարանի ծնողներուն, որոնք մեզի վստահած են իրենց սիրասուն զաւակներու ազգային դաստիարակութեան գործը։ Վարժարանիս 35 տարիներուն ընթացքին մենք ունեցած ենք 100է աւելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, 1600է աւելի հայորդիներ, որոնք դողդոջ քայլերով մեր վարժարանը մտած եւ հայ լեզուն սորվելու առընթեր՝ ազգային ու հայրենասիրական մաքրամաքուր ոգիով լեցուած՝ մեկնած են։ Այսօր, Կլենտէյլ եւ Փասատինա քաղաքներուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք անոնց եւ հպարտութեամբ կրնանք ըսել, թէ մեր շրջանաւարտներուն մեծ մասը ազգային կամ անձնական կեանքի մէջ յաջողակ երիտասարդներ եղած են։
Գնահատանքի խօսք ունինք մեր դպրոցի բարերարներուն, նուիրատուներուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս մեր աշխատանքին նպաստողներուն եւ քաջալերողներուն։ Նաեւ, երախտագիտական խօսք ունինք Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայերու միութեան, որ բարոյապէս ու մանաւանդ նիւթապէս միշտ զօրավիգ եղած է մեր գործին։
Բոլոր հին եւ նոր ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ վարչականներուն կ՛ըսենք՝ «Ձեր վարձքը կատար»։
* Վարժարանի խնամակալ մարմինի ատենապետ