«Մոնթրէալի թրքական հարթակ»ը (Montreal Turkish Platform) Ապրիլ 24, 2014 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, մտահոգութիւն կը յայտնէ հայկական Սփիւռքի լոպիական աշխատանքներուն նկատմամբ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ իրենք կը հաւատան, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած են «ողբերգական դէպքեր, որոնք ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին բազմաթիւ զոհեր պատճառած են, սակայն այդ ողբերգութիւնները քաղաքական շահեր ապահովելու համար պէտք չէ օգտագործուին»:
Մոնթրէալի թուրքերը կ՛ըսեն, որ հայերը կը պնդեն, որ Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը ցեղասպանութեան ճամբով փորձած է կայսրութեան ամբողջ հայ բնակչութիւնը բնաջնջել: «Այս պնդումները շատ լուրջ են եւ չեն կրնար քանի մը քանատացի երեսփոխաններու կողմէ վճռուիլ կամ դատուիլ: Ահա թէ ինչու, թուրք համայնքը կ՛ուզէ, որ քանատական կառավարութիւնը կոչ ուղղէ՝ կազմելու միջազգային հետազօտական խմբակ մը: Այս խմբակը պիտի ներառէ ամէն տեսակէտի տէր հաւաստի պատմաբաններ, որոնք պիտի կարենան անկաշկանդ կերպով ուսումնասիրել Թուրքիոյ, Հայաստանի, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ արխիւները, ինչ որ պիտի նպաստէ անկողմնակալ եւ ակադեմական եզրակացութեան մը հասնելու:
«Չենք ուզեր, որ մեր կառավարութիւնը միայն հայկական Սփիւռքին պնդումներուն վրայ հիմնուելով կողմ ըլլայ: Այդպէս վարուիլը ծագումով թուրք եւ հայ քանատացիներուն միջեւ ատելութիւն եւ անվստահութիւն կը հրահրէ: Մենք չենք ուզեր, որ մեր զաւակները, Քանատայի կառավարութեան անտեղեակութեան վրայ հիմնուած կեցուածքին հիմամբ, իրենց դպրոցներուն մէջ մեկուսացուին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.