
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին վկայութիւն մը յանձնած է Քոնկրեսի Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողովին (Հելսինքիի յանձնաժողով), իր մտահոգութիւնները յայտնելով Պաքուի հովանաւորութեամբ շարունակուող անհանդուրժողականութեան ստեղծած վտանգներուն, հակահայ քայլերուն եւ սահմանային յարձակումներուն կապակցութեամբ:
Հայ Դատի յանձնախումբի պետական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան ահազանգած է, որ Պաքուի քաղաքականութիւնն ու գործողութիւնները կը խախտեն մարդկային իրաւունքներու միջազգային սկզբունքները, կ՛անտեսեն Ատրպէյճանի կնքած ապահովական պարտաւորութիւնները, կ՛ապակայունացեն տարածաշրջանը եւ կը ստեղծեն վտանգաւոր միջավայր, որ կրնայ լայնածաւալ բռնարարքներու վերսկսման առաջնորդել:
Նահապետեան ընդգծած է, որ այլեւս կարելի չէ անտեսել Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող հակահայ, ապակառուցողական եւ ատելութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը: «Ո՛չ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ ոչ ալ ԵԱՀԿի մեր գործընկերները պէտք է որեւէ ձեւով լուռ մնան Պաքուի հակահայ քաղաքականութեան կամ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը բռնատիրական կարգերու ենթարկելու միտող ճնշումներուն դիմաց», նշած է Նահապետեան:
Վկայութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ՝ այցելելով www.anca.org/assets/pdf/ANCA_Testimony_CSCE_0614.pdf կայքէջը: