ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 25ին, երեկոյեան ժամը 7ին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Կեսարիոյ եւ Կապադովկիոյ հայութեան նուիրուած ու լուսանկարներով հարստացուած դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ՝ հիմնուելով իր խմբագրած «Հայկական Կեսարիան ու Կապադովկիան» հատորին վրայ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) եւ կազմակերպուած է «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան միացեալ ջանքերով:
Ներկայացումը անգլերէնով պիտի կատարուի, եւ նաեւ տեղի պիտի ունենայ Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեանի պատրաստած կարճ տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը՝ Համշէնի հայութեան մասին:
Նշենք, որ «Հայկական Կեսարիա»ն 12րդն էր պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններու նուիրուած եւ փրոֆ. Յովհաննէսեանի կողմէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովներու հիման վրայ հրատարակուած հատորներուն, որոնք խմբագրուած են փրոֆ. Յովհաննէսեանի կողմէ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել գրադարանի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.