
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը 22-23 Յունիսին պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան, ուր նախատեսուած է, որ ան հանդիպումներ ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Տեսակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկուին նախորդ տարուան Դեկտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուտինի Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնագիրներու իրականացման ընթացքը, հայ-ռուսական դաշնակցային փոխյարաբերութիւններու, ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացը:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման, վերջին տարիներուն նոր թափ ստացած ապակեդրոնացեալ ձեւաչափով համագործակցութեան խորացման առնչուող հարցեր:
Կողմերը պիտի քննարկեն նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի յառաջդիմութեան գծով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերը:
Ուշագրաւ է, որ նախարար Լաւրով Հայաստան գալէ առաջ՝ 16-17 Յունիսին Ատրպէյճան պիտի այցելէ: