
Երեքշաբթի, Յունիս 10ին Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մասնակցութեամբ եւ Հայ կեդրոնի եւ Արժանթինի Հայոց թեմի հովանիի ներքոյ Պուէնոս Այրեսի առաջնորդարանի «Սիրանոյշ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման նպատակով Պուէնոս Այրեսի քաղաքային իշխանութիւններուն կողմէն արժանթինահայ համայնքին անվճար յատկացուած հողատարածքի իրաւական փաստաթուղթերուն փոխանցման պաշտօնական ա-րարողութիւնը:
Նախաձեռնութեան ներկայ էին Արժանթինի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեան, Պուէնոս Այրես քաղաքի կառավարութեան նախարարներու խորհուրդի ղեկավար Օրասիօ Ռոտրիկեզ Լարեթա, Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմազանութեան հարցերու գրասենեակի փոխքարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխ, արժանթինահայ համայնքային կառոյցներու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ակադեմական եւ գիտական շրջանակներու, ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ:
Իրենց ելոյթներով Պուէնոս Այրես քաղաքի կառավարութեան եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան հայ-արժանթինեան քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն, Արժանթինի մէջ հայ համայնքի դերին ու նշանակութեան՝ կարեւորելով համայնքի արժէքաւոր ներդրումը երկրի քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային կեանքին մէջ:
Անդրադառնալով կառուցուելիք թանգարանի դերին ու նշանակութեան՝ բանախօսները կարեւորեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը վառ պահելու, նոր սերունդներուն մէջ մարդու իրաւունքներու արժէքները սերմանելու, ինչպէս նաեւ ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ թանգարանի բացառիկ առաքելութիւնը:
Արժանթինահայ համայնքի անունով Պուէնոս Այրեսի կառավարութեան ու քաղաքային իշխանութիւններուն իրենց երախտագիտութեան խօսքը յայտնեցին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ, Հայ կեդրոնի նախագահ Ալպերթօ Ճերեճեան, Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի հիմնադրամի նախագահ Քարլոս Թուֆեկսեան եւ հիմնադրամի անդամ Նելիթա Պուլղուրճեան: