
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Երկուշաբթի, 9 Յունիսի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսը:
Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, հոգեւոր հայերու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան, որ Համազգայինի գրատարածին անունով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց յայտագիրին գլխաւոր կէտերը:
«Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի եւ լեզուաբան դոկտ. Արտա Ճեպեճեանի սոյն նախաձեռնութիւնը, որ տպագրուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ, եւ որուն խմբագրական աշխատանքներուն սատարած է Նորա Բարսեղեան, դիւրամատչելի ձեւով կը ներկայացնէ Աստուածաշունչի Հին եւ Նոր Կտակարաններու դրուագները եւ ձրիօրէն պիտի տրամադրուի հայ մանուկներուն», ըսաւ Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան՝ ընդգծելով, որ սոյն գիրքը մեծապէս կը նպաստէ մանուկի բարոյագիտական եւ քրիստոնէական ընդհանուր դաստիարակութեան: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Շահան արք. Սարգիսեան բարձր գնահատեց Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեան ամոլի գործունէութիւնը՝ նշելով, որ անոնք երկար տարիներէ ի վեր լծուած են Քրիստոսի խօսքի տարածման:
«Անձնապէս կը վկայեմ, որ Սուրիոյ այս տագնապին մէջ իրապէս անշրջանցելի է Աստուծոյ խօսքը, եւ Սուրիոյ ահաւոր այս կացութեան մէջ Աստուծոյ զօրութեամբ պիտի կարենանք յաղթահարել դժուարութիւնները», նշեց Շահան սրբազան: Շահան արք. Սարգիսեան ինը կէտերու մէջ անդրադարձաւ քրիստոնէական հաւատքին ու այս գծով հայութեան ու առհասարակ մարդկութեան մօտեցումին: «Լուրջ ճիգ մըն է Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեաններու «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» գիրքի պատրաստութիւնը՝ մանուկներու հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութեան ամրապնդման գծով», ընդգծեց Շահան արք. Սարգիսեան:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արտա Ճեպեճեան, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը, նպատակը եւ զայն պատմելու ձեւը՝ յիշեցնելով, որ հոն կան Աստուածաշունչէն քաղուած գրութիւններու, դէպքերու եւ դէմքերու վրայ հիմնուած պատմութիւններ: Գիրքը կ՛ընդգրկէ նկարներ, խաղեր, քարտէս եւ այլ հետաքրքրական բաժիններ:
Ապա Ճեպեճեան ամոլի կողքին Շահէ եպս. Փանոսեան, Շահան արք. Սարգիսեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան եւ հայր Յովսէփ Թօփալեան բեմ բարձրանալով կատարեցին «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» գիրքին գինեձօնը:
Իր կարգին, դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան անդրադարձաւ այս գիրքի նախաձեռնութեան, եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի ու անոր գինեձօնի ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն, յատկապէս Շահէ եպս. Փանոսեանին, Համազգայինի գրատարանի տնօրէնութեան ու Յակոբ Հաւաթեանին, Նորա Բարսեղեանին եւ Քուէյթի ու Քաթարի հայազգի բարերարներուն՝ Վահէ Քասունիին, Կիրակոս Գույումճեանին եւ Վիգէն Տեկիրմենճեանին, որոնք Աստուածաշունչի միջազգային կազմակերպութեան կողքին, սիրայօժար մասնակցած էին հատորի հրատարակման ծախսերու մեկենասութեան:
Հրայր Ճեպեճեան յայտնեց, որ սոյն գիրքը պիտի տրամադրուի Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Պոլսոյ հայ մանուկներուն: