Սիրելի ընկերներ եւ նորագիրներ,
Հաւաքուած ենք պատասխանատու քայլ մը առնելու համար, նորագիրները կատարելու իրենց երդումը եւ ես՝ որպէս կնքահայր, մեր 124ամեայ կազմակերպութեան անունով ընդունելու անոնց ուխտը:
Երդման արարողութիւնը բացառիկ առիթ մըն է մէկ երդիքի տակ ըլլալու եւ վերանորոգելու մեր ուխտը՝ հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայութիւնը շարունակելու:
Ձեր երդումը տալով՝ դուք յանձնառու պիտի դառնաք հետեւեալ գլխաւոր պահանջները կատարելու.
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ կրնայ ըլլալ ամէն քաղաքացի, որ կ՛ընդունի կուսակցութեան ծրագիրն ու գործելակերպը, կ՛ենթարկուի անոր կանոնագիրին եւ որոշումներուն եւ ամէն ջանք կը թափէ իրականացնելու զանոնք»:
Դաշնակցութեան մէջ մուտք կը նշանակէ գիտակից յանձնառութիւն եւ զոհաբերութիւն: Կը նշանակէ կենսական մասնակցութիւն բերել Հայ Դատին, մտնել այն դարբնոցէն ներս, ուր հայ մարդուն կամքը կը կռանուի, հոգին կ՛ազնուանայ, միտքը կը պայծառանայ ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է՝ կը կերտուի նկարագիը՝ ամուր, հաւատքը՝ անխորտակ, հայրենասիրութիւնը՝ վսեմ:
Դուք էք որ զոհողութեամբ եւ անկաշառ նուիրումով ձեր «Ես»ը մոռնալով՝ բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէք Դաշնակցութեան գաղափարին: Ամբողջ աշխարհի դաշնակցականները նոյն գաղափարին զինուորագրեալներ են, մէկ ու անբաժանելի: Մէկ է եւ մէկ պէտք է ըլլայ Դաշնակցական տիպարը՝ կարգապահ, զոհաբերող, յանդուգն ու անշահախնդիր: Կարգապահութիւնն է մեր օրէնքը եւ շիտակութիւնը՝ մեր նկարագիրը:
Դաշնակցական ամէն անհատ պէտք է ջրդեղուի անյատակ հաւատքովը Քրիստափորի, ապառաժէ կամքովը Ռոստոմի եւ աստուածային անբծութեամբը Զաւարեանի: Այսօր մենք կը ներկայանանք իբրեւ ժառանգորդները այն անհաշուելի հոգեկան հարստութեան, զոր մեր նախորդները կը կտակեն մեզի: Ստիպողական է մեզի եւ աւելի քան անհրաժեշտ՝ ըլլալ արժանի եւ գիտակից ժառանգատէրեր:
Այս երդման արարողութեան առիթով խօսքս ուղղելով գաղափարապաշտ երիտասարդներուն, որոնք պիտի կազմեն անձնուրացներու վաղուան փաղանգը՝ պայծառ մտքով եւ խոր հաւատքով կը յայտնեմ, թէ իրենց է ապագան, որ այդ ապագան պիտի ըլլայ այնքան փայլուն ու լուսաւոր, որքան վառ է իրենց մէջ այս ազնուական հայ ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր համար զոհուելու գաղափարը:
Մէջբերում մը՝ Գարեգին Նժդեհի խօսքերէն. «Եթէ ուզում ես գուշակել մի ժողովրդի ապագան, նայի դրա երտասարդութեան»:
Սիրելիներ՝
Նախքան ձեր երդումը առնելը, պարտաւոր եմ հրապարակաւ հարց տալու, պատրա՞ստ էք բոլորդ երդուելու, կա՞յ ձեր մէջ որեւէ տատամսում՝ կատարելու երդումը:
Ահա պահն է ձեզ հրաւիրելու ոտքի կանգնիլ, աջ ձեռքը բարձրացնել այս ծրագիրի վրայ, որ մեր նպատակներու խորհրդանիշն է… ու կրկնել Դաշնակցականի երդումը.
«Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ծրագիրին, Կանոնագիրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Ձեզ կը յայտարարեմ Դաշնակցականներ եւ կը շնորհաւորեմ սիրելի նորագիր ընկերներ, եւ կ՛ողջունեմ ձեր մուտքը մեր շարքերը: