ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Անցեալ Ուրբաթ օր, Մոնթեպելլոյի «Թումաճեան» կեդրոնին մէջ 28 հայորդիներ միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն՝ երդուելով ծառայել Հայաստանին եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:
Երդման հանդիսութեան ներկայ էին բազմաթիւ դաշնակցական ընկերներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային ժողովի պատգամաւորներ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Նորագիրներու կնքահայրն էր վաստակաւոր հասարակական գործիչ, Դաշնակցական ղեկավար մարմիններու մէջ ծառայած Տիգրան Սարգունի, որ նորագիրներուն փոխանցեց իր խօսքը (ամբողջութեամբ ներկայացուած այսօրուան ՕՐԸ ՕՐԻՆ սիւնակով):
Նորագիրներու մուտքը ՀՅԴ շարքերը շնորհաւորեցին նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.