
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Անցեալ Շաբաթ օր, ՀՅԴ Բիւրօն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ « Բագին»ամսագիրի խմբագրութիւնը գուժեցին մահը վաստակաշատ դաշնակցական եւ մտաւորական Պօղոս Սնապեանի:
« 14 Յունիսի առաւօտուն, իր մահկանացուն կնքեց «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր, հայ ժամանակակից գրականագիտութեան տիտաններէն, անոր զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական, գրաքննադատ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն՝ Պօղոս Սնապեան», գրուած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Պօղոս Սնապեան ծնած է 11 Օգոստոս 1927ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ: 1944ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949ին: Աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Լիբանան, ուր Այնճարի ու Պէյրութի մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:
1950էն սկսեալ գրական եւ քննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ: Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:
Երկու տարի՝ 1957ին եւ 1959ին, լոյս կ՛ընծայէ «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքը:
1962ի Յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ երբ լոյս կը տեսնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին»ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմ-բագիրի պատասխանատու պաշտօնին:
1962ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ վստահուած աշխատանքները՝ խմբագիրի պաշտօնը կը վարէ ամբողջ 42 տարի, մինչեւ 2003: Միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի ու Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն:
1966-1973ին մաս կը կազմէ «Ազդակ»օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական-մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:
Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966)«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական դատակազմի անդամ եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:
1983էն կ՛աւանդէ հայ գրականութիւն՝ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի բոլոր դասարաններուն:
Պօղոս Սնապեանի տպագիր ա-ռաջին գրութիւնը, չափածոյ կտոր մը՝ «Տաղ Տրտմութեան», լոյս կը տեսնէ Երուսաղէմի վանքի պաշտօնաթերթ «Սիոն»ի մէջ, իսկ լոյս ընծայած առաջին հատորը, վիպակ մը՝ «Ժամանակ Չկայ», 1953ին, Պէյրութ: Անկէ ետք լոյս ընծայած է վիպական, քննադատական ու հրապարակագրական բնոյթի աւելի քան 30 հատոր ու հրատարակելի ունի նոյն սեռի տասէ աւելի գործեր:
Խմբագրած ու հրատարակած է նաեւ տարբեր հեղինակներէ վերցուած 75 հատոր:
2003ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Համազգային»ի շքանշանին, իսկ 2010ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետական օրհնութեան գիրին:
2007էն մինչեւ իր մահը, Պօղոս Սնապեան կը խմբագրէր«Ազդակ-գրական» պարբերաթերթը: