ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Քեսապահայ տասնեակ ընտանիքներ 16 Յունիսին վերադարձած են իրենց բնակարանները», հաղորդած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն՝ Քեսապի մէջ ներկայիս բազմաթիւ խնդիրներ կան՝ ջուրի, ելեկտրականութեան, համացանցի եւ հեռախօսի առնչուած: Ուստի, խնդիրները լուծելու համար ղեկավարութիւնը դիմած է սուրիական իշխանութիւններուն եւ յոյսով է, որ աստիճանաբար բոլոր խնդիրները կը լուծուին:
Վարդապետը դիտել տուած է, որ առաւել վատ վիճակի մէջ են բնակարաններու խոհանոցները, զորս օգտագործած են զինեալները, ուստի ջուրի առկայութիւնը չափազանց կարեւոր է կենցաղային հարցեր լուծելու եւ ապրելու համար:
Նարեկ Լուսիսեան նաեւ յայտնած է, որ Քեսապի ազատագրումէն առաջ հայկական եկեղեցիները, հաստատութիւնները, մշակութային միութիւնները աւերուած, հրկիզուած կամ նիւթական լուրջ վնասներու ենթարկուած են: Անոր համաձայն՝ զինեալները սուրբի մը գերեզման քանդած եւ աճիւնը հանած են:
Քեսապի ղեկավարութիւնը կոչ ուղղած է քեսապահայերուն՝ վերադառնալու իրենց բնակարանները, սակայն միշտ զգուշանալով օտար կողոպտիչներէն, որոնք սկսած են ներխուժելու Քեսապի բնակարաններ:
«Կրկին պիտի ծաղեցնենք ու շէնցնենք Քեսապը՝ մեր հայրենիքը», հաստատած է վարդապետը՝ աւելցնելով, որ հեռաւոր երկիրներու մէջ գտնուող քեսապահայերը, գիտնալով հայրենիքի ազատագրման մասին, փափաք յայտնած են վերադառնալու:
Քեսապ վերադարձած հայերուն մեծապէս ուրախութիւն պատճառած է այնտեղ բերքատու ծաղկած ծառերու ու բազմերանգ ծաղիկներու առկայութիւնը. «այս տարի առատ բերք պիտի ունենանք», ուրախութեամբ նշած է վարդապետը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.